Լեւոն ԺԴ. Պապը Կարդինալ Օզուալտ Գրասիասը նշանակեց իր յատուկ ներկայացուցիչը Ասիոյ եպիսկոպոսներու լիագումար ժողովին
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Լեւոն ԺԴ. Պապը Կարդինալ Օզուալտ Գրասիասը՝ Մոմպայիի նախկին արքեպիսկոպոսը, նշանակեց իր յատուկ ներկայացուցիչը Ասիոյ Եպիսկոպոսաց Համաժողովներու Դաշնակցութեան (FABC) 12-րդ լիագումար ժողովին, որ պիտի գումարուի Ինտոնեզիոյ Ճաքարթա քաղաքին մէջ՝ յուլիս 20-26-ը։ Այս առիթով հրապարակուած իր նամակին մէջ Սրբազան Քահանայապետը վերահաստատեց Ասիոյ Եկեղեցւոյ նկատմամբ իր վստահութիւնն ու յոյսը՝ քաջալերելով հաւատացեալներն ու հովիւները համարձակօրէն ծառայելու ժամանակակից աշխարհի մարտահրաւէրներուն։
Պապը կոչ ուղղեց Աստուած միշտ պահելու մարդկային գործունէութեան կեդրոնը եւ մարդը՝ բոլոր ընտրութիւններուն առանցքը, որպէսզի աղքատները, հիւանդները, գաղթականները եւ մանուկները դառնան հասարակութեան հիմնաքարերը։ Ան ընդգծեց, որ Եկեղեցին կոչուած է կառուցելու հաղորդութիւն, արդարութիւն եւ խաղաղութիւն, այլ ոչ թէ «նոր Պապելոն», եւ հրաւիրեց բոլորին միաւորելու իրենց ջանքերը՝ ծառայելու ճշմարիտ բարիքին։
Իր յատուկ ներկայացուցիչին ուղղուած յանձնարարականին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը խնդրեց Կարդինալ Գրասիասէն իր անունով ողջունել ժողովի մասնակիցները, նախագահել ծիսական արարողութիւնները եւ փոխանցել իր հայրական մօտիկութիւնն ու սէրը Ասիոյ հովիւներուն եւ տեղական եկեղեցական համայնքներուն։ Նամակի աւարտին ան իր առաքելութիւնը յանձնեց Սուրբ Կոյս Մարիամի եւ Սուրբ Յովսէփի հովանաւորութեան՝ շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
