2026.07.03 Cerimonia di consegna della Medaglia della Libertà 2026 a Papa Leone XIV

Լեւոն ԺԴ․ Պապը պարգեւատրուեցաւ Ազատութեան Մետալով

ԱՄՆ Ազգային Սահմանադրութեան Կեդրոնի հեղինակաւոր մետալը ընդունելով՝ Սրբազան Քահանայապետը ուղիղ եթերով հեռարձակուած իր ճառին ընթացքին, դիմելով Ֆիլատելֆիոյ մէջ կայացած հանդիսաւոր արարողութեան մասնակիցներուն, աղօթեց, որպէսզի Միացեալ Նահանգներու հիմնադրման 250ամեակը վերահաստատէ անոր հիմք հանդիսացած հիմնարար իտէալները․ Թող մարդկային արժանապատուութիւնը, հաւասարութիւնը եւ Անկախութեան հռչակագիրին մէջ ամրագրուած իրաւունքները միշտ ըլլան միասնութեան աղբիւր՝ ներկայ պահուն եւ գալիք օրերուն համար
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

«Որպես այս մեծ Երկրի որդի, զոր հիմնադրուած է քաջարի այր մարդոց եւ կանանց կողմէ, որոնք կ’երազէին ազատութեան եւ աւելի լաւ կեանքի մասին, իրենց ու իրենց երեխաներու համար, կը միանամ ձեզի՝ խնդրելով Աստուծոյ օրհնութիւնը Ամերիկայի ապագայի համար, որպէսզի Անկախութեան Հռչակագրի սկիզբը ամրագրուած վեհ իտէալները շարունակեն առաջնորդել ազգի բարգաւաճումը՝ միութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան մէջ»։

Այս խօսքերով Լեւոն ԺԴ․  Սրբազան Քահանայապետը սկսաւ իր ճառը այսօր՝ 3 Յուլիսին ընդունելով «Ազգային Սահմանադրութեան Կեդրոն»ի՝ իրեն շնորհուած Ազատութեան Մետալը։

 



Վատիկանէն ուղիղ եթերով դիմելով Ֆիլատելֆիոյ մէջ կազմակերպուած հանդիսաւոր արարողութեան մասնակիցներուն, Սրբազան Պապը շեշտեց, որ իրեն համար պատիւ է ընդունիլ Ազգային Սահմանադրական կենտրոնի Ազատութեան մեդալը այս տարի, որ կը նշէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հիմնադրութեան 250ը ՝ 4 Յուլիս 1776 թուականին Անկախութեան Հռչակագրի ստորագրմամբ։

Բոլոր այր մարդիկ ու կանայք ստեղծուած են հաւասար

Բոլոր տղամարդիկ ու կանայք ստեղծուած են հաւասար եւ իրենց Արարչի կողմից օժտուած են որոշակի անօտարելի իրաւունքներով, անոնց շարքին՝ կեանքի, ազատութեան եւ երջանկութեան հետապնդման իրաւունքով, եւ՝ «ոգեշնչուած տղամարդուն եւ կնոջ՝ աստուածային պատկերով ստեղծուած ըլլալու մեծ աստուածաշնչական տեսլականով», շարունակեց Նորին Սրբութիւնը։

 «Այստեղ է, որ, ըստ Անոր, կը բացայայտենք մարդկային արժանապատւութեան հիմքը», որ կը նախորդէ ցանկացած պետութեան ստեղծման (…)։Վերջին 250 տարիներու ընթացքին, աշխարհի բազմաթիւ ժողովուրդներուն համար ազգի հիմնադիրներուն տեսլականին հասնելու անսասան վճռականութիւնն էր, որ Ամերիկան ​​դարձուց ազատութեան խորհրդանիշ, քանի որ Երկիրը բացաւ իր դռները գաղթականներու յաջորդական ալիքներու համար՝ հնարաւորութիւն տալով անոնց ու անոնց երեխաներուն իրենց դերը խաղալ ազգի ապագայի ձեւաւորման գործին մէջ»։

Բարձր իտէալներ մարմնաւորող հասարակութիւն կառուցելու ուղին պէտք է նորովի դրսեւորուի ամէն մէկ սերունդի մէջ

Այս ազատութեան հանդէպ սէրն էր, որ ներշնչեց Միացեալ Նահանգներուն անցեալ դարի ամենամութ ժամերուն՝ երկու համաշխարհային պատերազմներու ատեն, նայիլ իրմէ անդին եւ մեծ զոհողութիւններու գնով պաշտպանել ազատութեան գործը սեփական սահմաններէն անդին,  դիտել տուաւ Սրբազան Հայրը։

Ապա՝ հաստատեց, որ բոլորի համար ազատութեան եւ արդարութեան այդ բարձր իտէալները մարմնաւորող հասարակութիւն կառուցելու ուղին, սակայն միշտ չէ, որ դիւրին եղած է եւ շատ պարագաներով տակաւին ընթացքի մէջ է եւ «պէտք է նորովի դրսեւորուի ամէն մէկ սերունդի մէջ եւ նոր մարտահրաւէրներու դիմաց»։

Ամերիկան ​​թող, որ միշտ հաւատարիմ մնայ ազատ մարդոց Երկիր եւ քաջերու հայրենիք ըլլալու տիտղոսին

Այս պատմական տարեդարձը հնարաւորութիւն կու տայ հայեացք նետել դէպի ապագայ եւ անգամ մը եւս խորհիլ ազգի հիմնադիր սկզբունքներու մասին՝ յոյս ունենալով, որ Ամերիկան ​​միշտ հաւատարիմ կը մնայ ազատ մարդոց Երկիր եւ քաջերու հայրենիք ըլլալու տիտղոսին, յարեց հուսկ Լեւոն Պապը։

Կեանքի իրաւունքը՝ հիմնադիր հայրերուն կողմէ ամրագրուած առաջին իրաւունքը

Շարունակելով իր ճառը Ան նշեց նաեւ, որ հիմնադիր հայրերուն կողմէ ամրագրուած առաջին իրաւունքը կեանքի իրաւունքն է՝ նշելով, որ ոչ ոք, որ զրկուած է կեանքէն, կրնայ վայելել ազատութիւն կամ հետապնդել երջանկութիւն։

Այս առումով Պապն ընդգծեց. «Երկրի կենսունակութիւնը խորապէս կապուած է այն արժէքին հետ, զոր ան կու տայ մարդկային կեանքին՝ ամէն ձեւով ու վիճակով, ճանչնալով իւրաքանչիւր մարդու տրուած արժանապատուութիւնը՝ իր գոյութեան շնորհիւ»։

Ճշմարտութեան, ազատութեան, երջանկութեան ձգտումը կը շարունակէ ոգեշնչել բոլոր սերունդներու մարդիկը

Կեանքի իրաւունքէն ետքը Նորին Սրբութիւնը ազատութիւնը նկատեց գերակայ․ «Ազատութիւնն է, որ կը սրբացնէ մարդուն ներքին աշխարհը, ուր կը կերտուին համոզումները, եւ ուր խիղճը կրնայ ուղղորդել մարդկային սրտի խորքին մէջ տրուած որոշումները», նշեց ըստ այդմ Պապը՝ աւելցնելով, որ․

 «Ճշմարտութեան եւ ազատութեան, ինչպէս նաեւ երջանկութեան ձգտումը կը շարունակէ ոգեշնչել բոլոր սերունդներու մարդիկը՝ հիմնական հարցումներ ուղղելու կեանքի իմաստին, մեր վերջնական նպատակին եւ, անշուշտ, Աստուծոյ մասին, եւ պատշաճ է, որ վեհանձն սիրտերը ձգտին անկեղծօրէն պատասխանելու այս հարցումներուն»։

Կրօնական ազատութիւնը՝ ամերիկեան աւանդութեան հիմնաքար

Ասկէ մեկնելով Նորին Սրբութիւնն ընդգծեց, որ  Ամերիկան «երկար ատեն պաշտպանած է կրօնական ազատութիւնը», որ «հանդիսացած է ամերիկեան աւանդութեան հիմնաքարը, որ թոյլ կու տայ միջկրօնական երկխօսութիւն եւ միջհամայնքային գործակցութիւն՝ հանրային բարիքը խթանելու եւ ազգին դիմագրաւած ու անոր պատմութեան ընթացքը կերտած մեծ բարոյական ու բարոյագիտական հարցերու շուրջ բանավէճերը հարստացնելու համար»։

Որպէսզի ազգը ծաղկի, այն պէտք է միաւորուած ըլլայ ժամանակի ընթացքին չխամրող իտէալներով

Պապը յիշեցուց, որ Ամերիկայի նախնիները տարբեր ծագումներէ, կրօններէ ու լեզուներէ եկած տղամարդիկ եւ կանայք էին, որոնք կրցան գտնել այդ ընդհանուր հիմքն ու ուժը՝ աւելի լաւ ապագայ մը հետապնդելու համար․ «Ամերիկայի հիմնադիրները ոգեշնչող սկզբունքները, որոնք արմատաւորուած են մարդկային անհատի ճշմարտութեան մէջ, զանոնք միաւորեցին մէկ նպատակի՝ ընդհանուր երազանքի մը շուրջ։ Միասնութիւնը ուժ տուաւ այդ երազանքին՝ Աստուծոյ հովանիին ներքոյ ծնունդ տալով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն», հաստատեց Ան։

«Որպէսզի ազգը ծաղկի, այն պէտք է իսկապէս միասնական ըլլայ. միաւորուած ոչ թէ ժամանակաւոր ջանքերու կապուած նպատակներով, այլ ժամանակի ընթացքին չխամրող իտէալներով»։ «Թող, որ այսօր մեր խորհրդածած սկզբունքները՝ մարդկային արժանապատուութիւնը, հաւասարութիւնը եւ Անկախութեան հռչակագիրին մէջ ամրագրուած իրաւունքները, ըսաւ ի վերջոյ Լեւոն ԺԴ․, միշտ ըլլան այդպիսի միասնութեան աղբիւր եւ առաջնորդող լոյս՝ ներկայ պահուն եւ գալիք օրերուն համար»։

«Ընդունելով այս մրցանակը  կ՚աղօթեմ, որ այս մեծ ազգին հիմնադրման 250-ամեակը ըլլայ այս իտէալներուն լուրջ վերահաստատման առիթ, որոնք Ամերիկան դարձուցած են խաղաղութիւնն ու բարգաւաճումը գնահատող երկիր» եւ իր ճառը եզրափակեց «Աստուած օրհնէ Ամերիկան» խօսքերով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

03/07/2026, 17:55