Յառաջիկայ շաբաթ օր Լեւոն ԺԴ. Պապը պիտի այցելէ Լամփետուզա կղզին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կարճ, սակայն խորապէս խորհրդանշական բնոյթ ունեցող ճամբորդութիւն մը\ որ ամբողջութեամբ նուիրուած պիտի ըլլայ յիշատակութեան, աղօթքին եւ այն մարդոց հետ հանդիպման, որոնք յոյս որոնելով կը հատեն Միջերկրական ծովը։
Այս պիտի ըլլայ Լեւոն ԺԴ. Պապին յառաջիկայ շաբաթ օր` 4 Յուլիսին նախատեսուած այցը Իտալիոյ հարաւը գտնուող Լամփետուզա կղզի, ուր ասկէ 13 տարիներ առաջ առաջին ճամբորդութիւն մը կատարած էր հանգուցեալ Ֆրանչիսկոս Պապը` 8 Յունիս 2013-ին, որ եղաւ նաեւ անոր Վատիկանէն դուրս առաջին պաշտօնական այցը։
Լամփետուզան կը մնայ Կեդրոնական Միջերկրականի երթուղիի առաջին հանգրուանի գլխաւոր կէտը, ուր գաղթականներու շարունակական հոսքերը կը կառավարուին անմիջապէս «hotspot» կեդրոնին մէջ։
Սրբազան Քահանայապետին օրը պիտի սկսի արեւածագին։ Վատիկանէն մեկնումը նախատեսուած է առաւօտեան ժամը 7:15-ին, ապա՝ կէս ժամ ետք, Հռոմի Չամփինօ օդակայանէն թռիչքը։ Լամփետուզա ժամանումը նախատեսուած է ժամը 9:00-ին, որով պիտի սկսի խոր զգացական եւ հոգեւոր նշանակութիւն ունեցող հանդիպումներու շարքը։
Լեւոն ԺԴ. պիտի այցելէ կղզիի այն վայրերը, որոնք խորհրդանիշ դարձած են գաղթի ողբերգութեան։
Այցելութիւնը պիտի սկսի տեղական գերեզմանատան մէջ, ուր ան ծաղկեպսակ պիտի զետեղէ գաղթի ճանապարհին զոհուածներու շիրիմներուն վրայ։ Այնուհետեւ Ան պիտի այցելէ Եւրոպայի Դուռը յուշարձանը՝ աղօթքի եւ խորհրդածութեան պահ մը ապրելու այն կոթողին առջեւ, որ կը խորհրդանշէ համանումն ու յոյսը։ Վերջապէս Քահանայապետը պիտի այցելէ Ֆաւալորօի Նաւահանգիստը, ուր պիտի օրհնէ այն յուշատախտակը, որով նաւահանգիստը պաշտօնապէս պիտի կոչուի Ֆրանչիսկոս Պապի անունով, եւ անձամբ պիտի ողջունէ այնտեղ գտնուող քանի մը գաղթականներ։
Օրուան կեդրոնական պահը պիտի ըլլայ Սուրբ Պատարագը, որ նախատեսուած է առաւօտեան ժամը 10:30-ին։ Այդ առիթով խորանին վրայ պիտի տեղադրուի «Մատոննա տի Փորթօ Սալվոյի» սրբապատկերը՝ Լամփետուզայի եւ ծովագնացներու հովանաւոր Սուրբ Կոյսին պատկերը։
Պատարագի աւարտին Լեւոն ԺԴ. Պապը պիտի հանդիպի պետական եւ տեղական իշխանութիւններուն, գաղթականներու ընդունելութեան մէջ ծառայող կամաւորներուն, ինչպէս նաեւ հիւանդ երեխաներուն հետ՝ անգամ մը եւս արտայայտելով իր մերձաւորութիւնը կարօտեալներուն եւ տառապողներուն։
Այցելութիւնը պիտի աւարտի կէսօրէն ետք։ Լամփետուզայէն վերադարձի թռիչքով որ նախատեսուած է ժամը 12:30-ին, իսկ Չամփինօ ժամանումը՝ ժամը 13:45-ին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
