Լեւոն ԺԴ. Պապը մեկնեցաւ Լամփետուզա

Սրբացան Հօր այս այցելութեան օրակարգը կը նախատեսէ տարբեր հանգրուաններ` առաջինը որ ունի նաեւ մեծ խորհրդանշական իմաստ` տեղական գերեզմանատունն է, ուր Քահանայապետը ծաղկեպսակներ կը զետեղէ գաղթի ճանապարհին անանուն զոհուածներու շիրիմներուն վրայ, այնուհետեւ այց ու լռելեան աղօթք դարձեալ խորհրդանշական վայրի մը մէջ այն է` «Եւրոպայի Դարպաս» յուշարձանը, ապա Ֆաւալորօ Նաւահանգիստին մէջ յուշատախտակի օրհնութիւնը, որով նաւահանգիստը պաշտօնապէս պիտի կոչուի Ֆրանչիսկոս Պապին անունով։

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան 

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ` 4 Յուլիս 2026-ի առաւօտեան կանուխ` Լեւոն ԺԴ.  Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանէն մեկնելով ուղղուեցաւ Հռոմի Չամփինօ օդակայան որտեղէն նախատեսուած էր անոր թռիչքը դէպի Լամփետուզա կղզի` որ կը գտնուի Իտալիոյ  հարաւը եւ վարչականօրէն կը պատկանի Սիկիլիայի տարածաշրջանին, թէեւ աշխարհագրականօրէն ան աւելի մօտ է Թունիզին եւ ասոր համար է` որ վերջին տարիներուն նշանաւոր դարձած է որպէս գաղթավայր բոլոր անոնց համար, որոնք  Միջերկրական ծովով կ՛ուզեն Եւրոպա հասնիլ։

Ֆրանչիսկոս Պապին հետքերով

Լեւոն Պապը այնտեղ կ՛երթայ իրեն նախորդ` Ֆրանչիսկոս Պապին հետքերով` որ  իր ընտրութենէն մի քանի շաբաթներ ետք ուզած էր այցելել կղզին`  8 Յունիս 2013-ին, այնտեղ տանելու համար մօտիկութեան ու զօրակցութեան պատգամ մը, բոլոր գաղթականներուն ու աղօթելու բոլոր անոնց համար որոնք չկարողացան հասնիլ իրենց նպատակակէտին, զոհը դառնալով նաւաբեկութիւններուն։ Ճիշտ այդ առիթով էր` որ Ֆրանչիսկոս Պապը խօսած էր «անտարբերութեան  համաշխարհայնացումի» մասին կոչ ուղղելով նաեւ քաղաքական պատասխանատուներուն աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձնելու այս մարդկութեան սիրտը խոցող երեւոյթին։ 

Այսօրուայ Քահանայապետը եւս այս այցը կը կատարէ հաստատելու համար  իր մօտիկութիւնը ու յանձնառութիւնը առ ի պաշտպանութիւն մարդկային կեանքի արժանապատւութեան։ 

Ժամանում եւ յուշատախտակի օրհնութիւն

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը փոխադրող օդանաւը Լամբետուզայի օդակայան վայրէջք կը կատարէ ժամը ինի ժամանակները եւ Սրբացան Հօր այս այցելութեան օրակարգը կը նախատեսէ տարբեր հանգրուաններ` առաջինը որ ունի նաեւ մեծ խորհրդանշական իմաստ` տեղական գերեզմանատունն է,  ուր Քահանայապետը ծաղկեպսակներ կը զետեղէ գաղթի ճանապարհին անանուն զոհուածներու շիրիմներուն վրայ, այնուհետեւ այց ու լռելեան աղօթք դարձեալ խորհրդանշական վայրի մը մէջ այն է` «Եւրոպայի Դարպաս» յուշարձանը, ապա Ֆաւալորօ  Նաւահանգիստին մէջ  յուշատախտակի օրհնութիւնը, որով նաւահանգիստը պաշտօնապէս պիտի կոչուի Ֆրանչիսկոս Պապին անունով։ Այս առիթով Սրբազան Պապը անձամբ կ՛ ողջունէ այնտեղ գտնուող քանի մը գաղթականներ։

Այցին կիզակէտը պիտի պիտի ըլլայ ժամը 10,30-ին Քահանայապետին մատուցած սուրբ պատարագը որուն աւարտին Ան պիտի ողջունէ տեղական իշխանութիւնները, հիւանդ մանուկներ ու կամաւորներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

04/07/2026, 07:51