Լեւոն ԺԴ. Պապ. «Ամերիկայի Եկեղեցին թող շարունակէ ծառայել հասարակութեան եւ աւետարանել»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Լեւոն ԺԴ. Պապը լստասեողական պատգամով մը ողջունեց «Մէկ ազգ՝ Աստուծոյ հովանիին տակ» նշանաբանով, ԱՄՆ-ի Ազգային Սուրբ Հաղորդութեան ուխտագնացութեան մասնակիցները յիշեցնելով, թէ ուխտագնացութիւնը, առիթ մըն էր աղօթելու երկրի միութեան, նորոգութեան եւ բժշկութեան համար։
Միացեալ Նահանգներու Սուրբ Հաղորդութեան ժառանգութիւնը
Լեւոն ԺԴ. ընդգծեց, թէ Միացեալ Նահանգներու պատմութիւնը խորապէս առնչուած է Աստուծոյ հանդէպ հաւատքին, իսկ երկրի Սուրբ Հաղորդութեան ժառանգութիւնը, թէեւ շատերուն կողմէ քիչ ճանչցուած, կը մնայ ազգային ու եկեղեցական կեանքի կարեւոր հարստութիւն։ Ան յիշեց Սենթ Օգասթինի մէջ 1565 թուականին մատուցուած առաջին շնորհակալական Սուրբ Պատարագը, որ, իր խօսքով, կը վկայէ այդ հարուստ աւանդութեան մասին։
Սուրբերու վկայութիւնը՝ Սուրբ Հաղորդութենէն սնուած
Սրբազան Հայրը նշեց, որ ամերիկացի սուրբերու եւ երանելիներու՝ Նիւ Եորքի եւ Ճորճիայի նահատակներուն, Սուրբ Քաթերի Թեքաքուիթայի, Սուրբ Էլիզապէթ Էն Սեթընի, Սուրբ Քաթարին Տրեքսելի, Սուրբ Յովհաննէս Նոյմանի, երանելի Ֆուլթըն Շինի եւ Սուրբ Ֆրանչիսկա Քսաւերիօ Գապրինիի առաքելական գործունէութիւնը իր ուժը կը ստանար Սուրբ Հաղորդութեան առջեւ լռակեաց աղօթքէն եւ Քրիստոսի ներկայութենէն։
Սուրբ Հաղորդութիւնը՝ Եկեղեցւոյ կեանքի աղբիւրը
Անդրադառնալով ուխտագնացութեան ընթացքին տեղի ունեցած Սուրբ Պատարագներուն, եւ Սուրբ Հաղորդութեան թափօրներուն, Պապը շեշտեց, որ Սուրբ Հաղորդութիւնը Եկեղեցւոյ ամենաթանկագին գանձն է եւ անփոխարինելի հոգեւոր սնունդը։ Ան այս առիթով մէջբերեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի Ecclesia de Eucharistia շրջաբերականը՝ հաստատելով, որ Սուրբ Հաղորդութիւնը Քրիստոսի փրկարար ներկայութիւնն է իր ժողովուրդին մէջ։
Ծառայութիւն հասարակութեան եւ աւետարանչական առաքելութիւն
Լսատեսողական պատգամի աւարտին Լեւոն ԺԴ. Պապը կոչ ուղղեց, որպէսզի Միացեալ Նահանգներու Եկեղեցին, Սուրբ Հաղորդութենէն ստացուած հոգեւոր զօրութեամբ, շարունակէ իր ծառայութիւնը հասարակութեան՝ մանաւանդ կրթութեան, առողջապահութեան, ընկերային ծառայութիւններու եւ աւետարանչական առաքելութեան մարզերուն մէջ՝ մնալով նորոգման, միութեան եւ քրիստոնէական վկայութեան կենդանի աղբիւր։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
