Լեւոն ԺԴ. Պապը Քասթել Կանտոլֆոյի մէջ պիտի ճաշէ 200 կարիքաւոր անձերու հետ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Յուլիս 11-ին Քասթել Կանտոլֆոյի «Գովեալ Ըլլաս» (Borgo Laudato Si') համալիրին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը պիտի ճաշէ Հռոմի թեմին կողմէ աջակցութիւն ստացող 200 կարիքաւորներուն հետ, որոնց շարքին՝ 35 երեխաներ։ «Պապին հետ ճաշ» նախաձեռնութիւնը կը կազմակերպուի «Գովեալ Ըլլաս» Բարձրագոյն կրթական կեդրոնին կողմէ՝ նպատակ ունենալով վկայել բոլորին բաց Եկեղեցւոյ, հիւրընկալութեան, ներառականութեան եւ համայնքային համերաշխութեան մասին։
Օրը պիտի սկսի Սուրբ Պատարագով, զոր պիտի նախագահէ Կարդինալ Ֆապիօ Պաճճիօն, ապա հիւրերը պիտի մասնակցին հիւրասիրութեան եւ շրջայցի «Գովեալ Ըլլաս» համալիրին մէջ։ Կազմակերպիչները կը շեշտեն, թէ այս նախաձեռնութիւնը կը վերահաստատէ, որ Եկեղեցին ընտանիք է՝ բաց բոլորին, յատկապէս անոնց, որոնք կ'ապրին ընկերային կամ գոյութենական ծայրամասերուն մէջ։
Մասնակիցներուն շարքին պիտի ըլլան գաղթականներ, միայնակ մայրեր, աշխատանքի վերապատրաստման ծրագիրներու մասնակիցներ, ինչպէս նաեւ տարբեր կարողութիւններ ունեցող անձեր։ Նախաձեռնութեան կազմակերպիչ Տոնաթելլա Փարիզիի համաձայն՝ այս մարդիկ միայն օգնութիւն ստացողներ չեն, այլ իրենց ներկայութեամբ եւ կեանքի փորձառութեամբ կը հարստացնեն համայնքը եւ կը նպաստեն հասարակութեան նկատմամբ նոր հայեացքի ձեւաւորման, ուր մարդկային խոցելիութիւնը կը վերածուի ուժի։
Ճաշը սիրայօժար նուիրաբերած է Հռոմի «L'Isola della Pizza» ճաշարանը, իսկ առաւօտեան հիւրասիրութիւնը՝ Ալպանոյի «Bar Duomo» սրճարանը։ Նախաձեռնութիւնը կը շարունակէ Ֆրանչիսկոս Պապի սկսած ուղին եւ կը մարմնաւորէ Լեւոն ԺԴ. Պապի տեսլականը՝ խթանելու մարդկային արժանապատուութիւնը, եղբայրութիւնը եւ հոգատարութիւնը «արարածներ՝ այլ արարածներու կողքին» սկզբունքով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
