Լեւոն ԺԴ. Պապը ճաշեց կարիքաւոր անձերու հետ՝ կոչ ուղղելով կառուցելու ընդունող եւ խաղաղ Եկեղեցի մը

Լեւոն ԺԴ. Պապը Քասթել Կանտոլֆոյի «Գովեալ ըլլաս» աւանին մէջ ճաշի սեղան նստաւ Հռոմի թեմին կողմէ օգնութիւն ստացող 200 խոցելի անձերու, ներառեալ 35 մանուկներու հետ՝ շեշտելով ընդունող եւ եղբայրական Եկեղեցի մը կառուցելու կարեւորութիւնը։ Պապը կոչ ուղղեց պայքարելու աղքատութեան, անարդարութեան եւ խտրականութեան դէմ՝ միասին կերտելու յոյսի, խաղաղութեան եւ սիրոյ վրայ հիմնուած տարբեր աշխարհ մը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Պապը Յուլիս 11-ին Քասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական պարտէզներուն մէջ գտնուող «Գովեալ ըլլաս» աւանին մէջ ճաշի սեղան նստաւ Հռոմի թեմին կողմէ օգնութիւն ստացող շուրջ 200 կարիքաւորներու հետ, որոնց շարքին՝ 35 մանուկներ։ «Ընդունելութիւն եւ եղբայրութիւն» խորագիրով այս նախաձեռնութիւնը դարձաւ հանդիպման եւ համերաշխութեան օր մը՝ նուիրուած մարդկային արժանապատուութեան։

Պապը, իր կարճ խօսքին մէջ, ընդգծեց, որ այսօրուան աշխարհը կարիք ունի ոչ միայն նիւթական հացի, այլեւ՝ «իսկական սիրոյ եւ գթութեան քաղցի»։ Ան շեշտեց Եկեղեցի մը ունենալու անհրաժեշտութիւնը, որ իր դռները կը բանայ բոլորին առջեւ, ուր «ոչ ոք թշնամի է», եւ ուր մարդիկ կը սորվին ապրիլ հաշտութեան, ներողամտութեան եւ խաղաղութեան ոգիով։

Լեւոն ԺԴ. Պապ
Լեւոն ԺԴ. Պապ   (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. անդրադարձաւ նաեւ «կամուրջներ կառուցող» Եկեղեցիի կոչումին՝ ընդգծելով, որ այդ առաքելութիւնը կը վերաբերի ոչ միայն Պապին, այլեւ բոլոր անոնց, որոնք միասին կը ջանան ստեղծել աւելի արդար հասարակութիւն մը։

«Մենք այսօր կ’ուզենք կամուրջ մը կառուցել ձեր բոլորին, ձեր ընտանիքներուն եւ այն հասարակութեան միջեւ, որուն մէջ կ’ուզենք ապրիլ», ըսաւ Պապը՝ կոչ ընելով վերացնելու աղքատութեան, անարդարութեան եւ ընկերային անհաւասարութիւններու պատճառները։

Լեւոն ԺԴ. գնահատեց նախաձեռնութեան կազմակերպիչներուն աշխատանքը եւ ընդգծեց, որ միասին սեղան նստիլը կը նշանակէ կառուցել «տարբեր աշխարհ մը»՝ հիմնուած յոյսի, սիրոյ եւ համերաշխութեան վրայ։ Ան դատապարտեց բռնութեամբ, ատելութեամբ եւ խտրականութեամբ խաթարուած իրականութիւնը՝ հրաւիրելով բոլորին համագործակցելու՝ արդարութեան եւ խաղաղութեան Եկեղեցի մը կերտելու համար։

Օրհնելով ճաշը՝ Սրբազան Քահանայապետը ժամանակ տրամադրեց ներկաներուն հետ հանդիպելու եւ զրուցելու, ապա անոնց միացաւ սեղանին շուրջ՝ կիսելու եղբայրական պահ մը կարիքաւորներուն հետ։

Լեւոն ԺԴ. Պապ
Լեւոն ԺԴ. Պապ   (@Vatican Media)

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

11/07/2026, 13:45