Լեւոն ԺԴ. ընդունեց Քոլոմպիոյ հանրապետութեան նախագահը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը, այսօր՝ հինգշաբթի, 2 յուլիսին, Վատիկանի Առաքելական Պալատին մէջ ընդունեց Քոլոմպիոյ Հանրապետութեան նախագահ Կուսթաւօ Ֆրանսիսքօ Փեթրօ Ուրեկոն։
Հանդիպումէն ետք նախագահը հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղա, կարդինալ Փարոլինի հետ, որուն ընկերակցած է գերպ Տանիէլ Փաչօն, Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ Յարաբերութիւններու Բաժնի Բազմակողմանի յարաբերութիւններու ենթաբաժնի ենթաքարտուղարը։
Պետական քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ եւ բարեկամական զրոյցներուն ընթացքին գոհունակութիւն յայտնուեցաւ Սուրբ Աթոռի եւ Քոլոմպիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ ու դրական յարաբերութիւններուն համար։ Հատկապէս ընդգծուեցաւ Եկեղեցւոյ եւ պետութեան շարունակական համագործակցութիւնը՝ խաղաղութեան, հաշտեցման եւ ազգային միասնութեան ամրապնդման ծառայութեան մէջ։
Զրոյցներուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Քոլոմպիոյ եւ ամբողջ տարածաշրջանի ընկերաքաղաքական իրավիճակին՝ առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձնելով զինուած հակամարտութիւններու հետեւանքներուն, միջազգային կազմակերպուած յանցագործութեան սպառնալիքներուն, ինչպէս նաեւ կլիմայական փոփոխութեան առաջադրած մարտահրաւէրներուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
