Ուքրանիոյ մէջ Աստուածամօր սրբավայրը Ուքրանիոյ մէջ Աստուածամօր սրբավայրը 

Լեւոն ԺԴ․ Պապ. Աղօթեցէ՛ք խաղաղութեան եւ Ուքրանիոյ պատերազմի պատճառով տառապողներուն համար

Լեւոն ԺԴ. Պապը Գերպ. Փոլ Ռիչըրտ Կալակերը նշանակեց իր Յատուկ Ներկայացուցիչը՝ յուլիս 19-ին Պերդիչեւի մէջ կայանալիք Ուքրանիոյ լատինածէս կաթողիկէ եկեղեցւոյ կառոյցներու վերականգնման 35-ամեակի եւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի առաքելական այցելութեան 25-ամեակի տօնակատարութիւններուն։ Իր նամակին մէջ Քահանայապետը յիշեցուց Ուքրանիոյ կաթողիկէներուն հաւատքի վկայութիւնը եւ հալածանքները, կոչ ուղղելով աղօթելու պատերազմի մէջ տառապող ժողովուրդին, աշխարհի խաղաղութեան եւ Աստուծոյ պատուիրաններուն հաւատարիմ մնալու համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը նամակով մը գերպ. Փոլ Ռիչըրտ Կալակերը՝ Պետական քարտուղարութեան Պետութիւններու եւ Միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը նշանակեց որպէս իր Յատուկ Ներկայացուցիչը Ուքրանիոյ լատինածէս կաթողիկէ եկեղեցւոյ կառոյցներու վերականգնման 35-ամեակի տօնակատարութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան յուլիս 19-ին, Պերդիչեւի Աստուածածնի Ազգային Սրբավայրին մէջ։

Քահանայապետը իր նամակին մէջ կը յիշեցնէ, թէ դարեր շարունակ Ուքրանիոյ լատինածէս կաթողիկէ հաւատացեալները բազմաթիւ փորձութիւններու եւ հալածանքներու դիմագրաւած են՝ իրենց հաւատքին նկատմամբ հաւատարիմ մնալով։ Յատկապէս կը մատնանշէ խորհրդային վարչակարգի տարիներու դաժան հալածանքները, երբ պետական իշխանութիւնները փորձեցին ամբողջովին վերացնել կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայութիւնը այդ երկրին մէջ։

Լեւոն ԺԴ. կը նշէ, որ այսօրուան յոբելենական տարեդարձը վկայութիւնն է Եկեղեցւոյ վերածնունդին եւ կենսունակութեան։ Ան նաեւ կը յիշեցնէ, որ այս տարի կը նշուի նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապին Ուքրանիա կատարած առաքելական այցելութեան 25-ամեակը։

Ուքրանիոյ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի նախագահ, Լուցքի լատինածէս թեմի եպիսկոպոս Վիթալի Սքոմարովսքիի խնդրանքին ընդառաջ՝ Քահանայապետը վստահած է այս առաքելութիւնը գերպ. Կալակըրին, որպէսզի ան իր անունով նախագահէ յոբելենական Սուրբ Պատարագին եւ փոխանցէ իր հայրական ողջոյնն ու մերձաւորութիւնը։

Պապը նաեւ կոչ կ՛ուղղէ յիշատակելու պատերազմի պատճառով տառապող ուքրանական ժողովուրդը, աղօթելու խաղաղութեան համար աշխարհի եւ ընտանիքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ հաւատարիմ մնալու Աստուծոյ պատուիրաններուն։

Յատուկ առաքելութեան անդամներն են Լվովի արքեպիսկոպոսի անձնական քարտուղար գերպ. Անճէյ Լեկովիչը եւ Լուցքի թեմի քարտուղար Տ. Փաւլօ Խոմիաքը։

Իր նամակի աւարտին Լեւոն ԺԴ. առատօրէն կը շնորհէ իր Առաքելական Օրհնութիւնը Ուքրանիոյ երկու ծէսերու կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, կրօնաւորներուն, աշխարհական հաւատացեալներուն, քաղաքացիական իշխանութիւններուն եւ յոբելենական հանդիսութիւններու բոլոր մասնակիցներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

11/07/2026, 10:41