Լեւոն ԺԴ. Պապ՝ Իրաքի երիտասարդներուն. «Մի՛ վախնաք, դուք կոչուած էք Քրիստոսի լոյսը տարածելու»

Լեւոն ԺԴ. Անքաւայի երիտասարդական հանդիպման մասնակիցներուն կոչ ուղղեց վստահութեամբ ապրելու իրենց առաքելութիւնը, դառնալու Քրիստոսի լոյսը եւ պատերազմի ու անկայունութեան պայմաններուն մէջ վկայելու հաւատքը, սէրը եւ յոյսը։ Ան նաեւ հրաւիրեց երիտասարդները իրենց կեանքը հիմնաւորելու աղօթքի, Սուրբ Խոստովանութեան եւ Սուրբ Հաղորդութեան վրայ, որպէսզի ըլլան խաղաղարարներ եւ Աստուծոյ սիրոյ կենդանի վկաները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Անքաւայի երիտասարդական հանդիպման մասնակիցներուն ուղղուած լսատեսողական պատգամով Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը երիտասարդները հրաւիրեց նորոգելու իրենց առաքելական գիտակցութիւնը եւ վստահութեամբ վկայելու Քրիստոսը այն երկրին մէջ, որ երկար տարիներէ ի վեր կ'ապրի պատերազմի, բռնութեան եւ անորոշութեան հետեւանքները։ Պապը շեշտեց, թէ երիտասարդները Եկեղեցւոյ ոչ միայն ապագան են, այլ նաեւ ներկան, եւ կոչուած են հաւատքի, սիրոյ ու յոյսի լոյսը սփռելու իրենց ընտանիքներուն, համայնքներուն եւ ամբողջ հասարակութեան մէջ։

Երիտասարդները՝ Եկեղեցւոյ ներկան եւ առաքելութեան դերակատարները

Էրպիլի Արքեպիսկոպոսութեան կազմակերպած Անքաւայի երիտասարդական հանդիպման մասնակիցներուն ուղղուած իր պատգամին սկիզբը Սրբազան Քահանայապետը ջերմ ողջոյն յղեց Իրաքի տարբեր շրջանններէն ժամանած երիտասարդներուն՝ աղօթելով, որ այս օրերը դառնան հոգեւոր նորոգութեան, եղբայրութեան եւ Յիսուս Քրիստոսի հետ աւելի խոր բարեկամութեան առիթ։ Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ այս տարուան հանդիպման նիւթը «Առաքելութիւն»-ն է՝ յիշեցնելով, թէ ամբողջ Եկեղեցին կոչուած է աշխարհին փոխանցելու Քրիստոսի լոյսը եւ մարդոց առաջնորդելու դէպի Աստուծոյ հետ հաղորդակցութիւն։

«Դուք այդ առաքելութեան մասնակիցներն էք, եւ մեծ վստահութեամբ կը նայիմ ձեզի, որովհետեւ դուք պիտի օգնէք կերտելու Եկեղեցւոյ եւ աշխարհի ապագան», ըսաւ Պապը՝ կրկնելով, թէ երիտասարդները միայն Եկեղեցւոյ ապագան չեն, այլ նաեւ անոր ներկան։

«Մի՛ վախնաք, Եկեղեցին ձեզի հետ է»

Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ նաեւ Իրաքի ներկայ իրականութեան՝ ընդունելով, որ պատերազմները, բռնութիւնները եւ երկարատեւ անկայունութիւնը ծանր հետքեր ձգած են ժողովուրդին կեանքին վրայ։ Սակայն ան շեշտեց, թէ այդ պայմաններուն մէջ իսկ երիտասարդները կոչուած են դառնալու Քրիստոսի լոյսը։

«Մի՛ վախնաք, եւ երբեք մի՛ կարծէք, թէ առանձին էք։ Ես ձեզի հետ եմ, Եկեղեցին ձեզի հետ է։ Ձեր վստահութիւնը դրէ՛ք Յիսուսի վրայ, լսեցէ՛ք Անոր ձայնը աղօթքին մէջ եւ թոյլ տուէք, որ Ան առաջնորդէ ձեր կեանքը», ըսաւ ան։

Լոյսը՝ հաւատքի խորհրդանիշ

Իր պատգամին առաջին բաժինին մէջ Պապը բացատրեց, թէ լոյսը մարդուն կը շնորհէ տեսնելու կարողութիւնը, ինչպէս հաւատքը կ'օգնէ իրականութիւնը դիտելու Աստուծոյ հայեացքով։ Ըստ անոր՝ հաւատքը դժուարութիւններու դիմաց մխիթարութիւն գտնելու միջոց մը չէ, այլ ճշմարտութեան մէջ ապրելու ճանապարհ։

Ան երիտասարդները հրաւիրեց իրենց կեանքով վկայելու Աւետարանը, որպէսզի ուրիշներն ալ իրենց մէջ տեսնեն այն ճշմարտութիւնն ու կեանքի իմաստը, զոր կը փնտռեն։

Լոյսը՝ սիրոյ ջերմութիւնը

Անդրադառնալով լոյսի երկրորդ իմաստին՝ Սրբազան Քահանայապետը շեշտեց, թէ ան կը խորհրդանշէ Աստուծոյ սէրը։ Ուրիշներուն Քրիստոսի լոյսը փոխանցելու համար անհրաժեշտ է նախ անձամբ ապրիլ Աստուծոյ հետ կենդանի յարաբերութիւն։

Այդ պատճառով ան երիտասարդները հրաւիրեց ամէն օր ժամանակ տրամադրելու աղօթքին, մօտենալու Սուրբ Խոստովանութեան եւ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդներուն եւ իրենց կեանքը հիմնաւորելու Քրիստոսի սիրոյ վրայ։

«Ձեր սրտերը հիմնեցէ՛ք Աստուծոյ սիրոյ վրայ, բացայայտեցէ՛ք Քրիստոսի սիրտը եւ մի՛ վախնաք ձեր կեանքը Անոր վրայ կառուցելէ», շեշտեց Պապը։

Լոյսը՝ յոյս եւ խաղաղութիւն

Պատգամին երրորդ բաժինին մէջ Լեւոն ԺԴ. յոյսը ներկայացուց որպէս նոր կեանքի աղբիւր։ Ան յիշեցուց, որ երիտասարդները կոչուած են խաղաղարարներ ըլլալու, միաւորելու բաժնուած մարդիկը եւ ուրիշներուն ներշնչելու մնայուն խաղաղութեան յոյսը։

Թէեւ մարդիկ միշտ չեն կրնար փոխել իրենց ապրած պայմանները, ըսաւ ան, սակայն միշտ կրնան ընտրել, որ Քրիստոսի խաղաղութիւնը տիրէ իրենց սրտերուն մէջ եւ լուսաւորէ իրենց ընթացքը։

Վստահիլ Աստուծոյ ծրագրին

Պատգամի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը երիտասարդները հրաւիրեց երբեք չկասկածելու Աստուծոյ բարութեան եւ վստահելու այն ծրագրին, զոր Տէրը ունի իւրաքանչիւր անձի համար։ Վկայակոչելով Երեմիա մարգարէին՝ ան յիշեցուց, որ Աստուծոյ ծրագիրը մարդուն համար «յոյսով լի ապագայ» կը խոստանայ։

Վերջաւորութեան Լեւոն ԺԴ. Պապը բոլոր երիտասարդները յանձնեց Սուրբ Կոյս Մարիամի՝ Եկեղեցւոյ Մօր մայրական պաշտպանութեան եւ իր առաքելական օրհնութիւնը շնորհեց Անքաւայի երիտասարդական հանդիպման բոլոր մասնակիցներուն՝ աղօթելով, որ անոնք միշտ մնան հաւատքի, սիրոյ եւ յոյսի կենդանի վկաները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

08/07/2026, 17:15