Լեւոն ԺԴ. ընդունիլ Աստուծոյ ճանապարհները, նոյնիսկ երբ չեն համապատասխաներ մեր ակնկալութիւններուն
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը, որ երէկ երեկոյեան մեկնած էր Քասթել Կանտոլֆօ՝ մասնակցելու եւ գլխաւորելու Լիճի Տիրամօր թափօրը, այսօր՝ Կիրակի, 30 Օգոստոսի կէսօրին, Քասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական պալատի մուտքէն գլխաւորեց կիրակնօրեայ «Հրեշտակ Տեառն» Մարեմեան աղօթքը։ Աղօթքէն առաջ Ան ներկայացուց խորհրդածութիւն մը, զոր կեդրոնացուց Մատթէոս Աւետարանիչէն քաղուած օրուան աւետարանական հատուածին վրայ, ուր Յիսուս իր աշակերտներուն կը յայտնէ իր զատկական մօտալուտ Խորհուրդը. «Մեսիան Երուսաղէմ պիտի երթայ, չարչարուի, սպաննուի եւ երրորդ օրը Յարութիւն պիտի առնէ» (հմմտ. Մատթէոս 16, 21)։
Մեսիայի մը պատկերը` որ հեռու է սպասուածէն
«Այս յայտնութիւնը զարմանքի կը մատնէ աշակերտները», դիտել տուաւ Սրբազան Պապը, որովհետեւ շատ հեռու էր զօրեղ եւ յաղթող Մեսիայի այն պատկերէն, որ իրենք կը սպասէին։
Այս խօսքերուն ի պատասխան՝ Պետրոս, որ սկիզբը դաւանած էր թէ Յիսուս Քրիստոսն է՝ կենդանի Աստուծոյ Որդին, կ՛ընդվզի եւ կը յանդիմանէ Տէրը՝ ըսելով. «Քաւ լիցի՛, Տէ՛ր, այդ բանը քեզի պիտի չըլլայ»։ Ինք, որ ճանչցած էր Յիսուսը որպէս Քրիստոս, այժմ տառապանքի եւ խաչի այս յայտնութեան առջեւ կը տատամսի իր հաւատքին մէջ։ «Կարծես թէ կ՛ուզէր ըսել՝ ես կը հաւատամ որ դուն Մեսիան ես, բայց աշխարհը այսպէս չէ որ կը փրկուի», յարեց Նորին Սրբութիւնը։
Երբեք չընդհատել երկխօսութիւնը Աստուծոյ հետ
Ան ապա նկատել տուաւ, որ մեզի ալ շատ անգամ դժուար է հասկնալ եւ ընդունիլ Աստուծոյ ուղիները, յատկապէս երբ անոնք հեռու են մեր ճանապարհներէն։ «Այդ պահուն փորձութիւնն ունինք մտածելու, թէ Տէ՛րն է որ կը սխալի, կամ աւելի ծանր՝ ան մեզի մտիկ չ՛ընէր ու մեզմով չի մտահոգուիր», ըսաւ Լեւոն ԺԴ.ը մատնանշելով, որ Պետրոս իր այդ վարմունքով մեզի երկու բան կը սորվեցնէ.
«Առաջինը՝ երբեք Տիրոջ հետ երկխօսութիւնը չխզել, ոչ իսկ դժուար պահերուն, այլ ընդհակառակը՝ Իրեն յայտնել մեր դժուարութիւնը՝ հասկնալու համար Իր մեզմէ խնդրածը։ Իսկ երկրորդը՝ երբեք չդատել Աստուծոյ գործը, այլ խոնարհութեամբ եւ աղօթքով մենք մեզ դնել ունկնդրութեան մէջ՝ ջանալով հասկնալ, թէ ի՞նչ կ՛ուզէ մեզի յայտնել Ան, նոյնիսկ եթէ այդ բաները չեն համապատասխաներ մեր ակնկալութիւններուն»։
Հետեւիլ Պետրոսի հաւատքի օրինակին
«Առաքեալներու Առաջնորդին մեծութիւնը կը յայտնուի նաեւ այս բանին մէջ», հաստատեց Լեւոն ԺԴ. բացատրելով, որ Յիսուս կը յանդիմանէ Պետրոսը, «Հեռացիր ինձմէ սատանայ», որովհետեւ ան կը դժուարանայ ընդունիլ խաչէն անցնող փրկութիւն մը, ապա կը հրաւիրէ զինք եւ միւս աշակերտները՝ ուրանալու իրենք զիրենք, առնելու իրենց խաչը եւ հետեւելու Իրեն։ Եւ Պետրոս, հակառակ իր տկարութեան, պիտի գիտնայ հաւատարիմ մնալ Քրիստոսին՝ մինչեւ մարտիրոսութիւն, դիտել տուաւ Սրբազան Հայրը ու հրաւիրեց ներկաները աղօթելու Տիրոջ, «որ մենք ալ մեր հաւատքի կեանքին եւ աղօթքին մէջ ունենանք Պետրոսի նոյն պարկեշտութիւնը՝ խոնարհաբար Իրեն ըսելու այն, ինչ որ իսկապէս կը զգանք, նոյնիսկ երբ սիրտը շփոթած է. եւ միեւնոյն ատեն գիտնանք մշակել անոր նոյն հլութիւնը՝ ընդունելու համար այն, ինչ որ մեզմէ կը պահանջէ Տէրը՝ մեր ակնկալութիւններէն անդին»։
Նորին Սրբութիւնը խօսքը աւարտեց դիմելով Սուրբ Կոյս Մարիամին, «որ հնազանդ եղաւ Աստուծոյ ծրագիրներուն՝ մինչեւ Իր Որդւոյն՝ Յիսուսի Խաչին տակ», որպէսզի օգնէ մեզի։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.