Լեւոն ԺԴ.՝ Բաժանումներու եւ սուր հռետորաբանութեան այս ժամանակաշրջանին աշխարհը ներդաշնակութեան մարգարէներու կարիքն ունի։

Լեւոն ԺԴ. Պապը Քոլոմպոսի Ասպետներու 144-րդ Գերագոյն Համագումարին ուղղած լսատեսողական պատգամին մէջ կոչ ուղղեց շարունակելու միութեան եւ գթութեան վկայութիւնը՝ կառուցելով կամուրջներ բաժանուած աշխարհին մէջ։ Ան գնահատեց կազմակերպութեան աւելի քան դար մը տեւող ծառայութիւնը կարիքաւորներուն ու խոցելի խաւերուն հանդէպ եւ քաջալերեց շարունակել Քրիստոսի սիրոյ առաքելութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Քոլոմպոսի Ասպետներու 144-րդ «Գերագոյն Համագումարին» առիթով լսատեսողական պատգամով մը ընդգծեց միութեան եւ գթութեան արժէքները, որոնք կը հանդիսանան այս կազմակերպութեան հիմնարար սկզբունքները։ Համագումարը տեղի կ’ունենայ ԱՄՆ-ի Քոլորատօ նահանգի Տենվըր քաղաքին մէջ։

Պապը իր հոգեւոր մօտիկութիւնը յայտնեց համաժողովի մասնակիցներուն եւ շեշտեց, որ քրիստոնէական միութիւնը պարգեւ մըն է, սակայն նաեւ պարտականութիւն մը, որ պէտք է շարունակաբար պահպանուի անկեղծ ու խոնարհ երկխօսութեան միջոցով։

«Այսօր, երբ աշխարհը շատ յաճախ բաժանումներով եւ կոշտ արտայայտութիւններով կը բնորոշուի, մեծ կարիք կայ ներդաշնակութեան մարգարէներու, որոնք կամուրջներ կը կառուցեն եւ կը նպաստեն հակադիր դիրքերու հաշտեցման», ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Անդրադառնալով գթութեան առաքինութեան՝ Լեւոն ԺԴ. ընդգծեց, որ կարիքաւորներուն օգնութիւնը ոչ միայն մարդկային տառապանքին պատասխան մըն է, այլ նաեւ եղբայրութեան եւ քրիստոնէական հաղորդութեան ամրապնդման միջոց։ Ան նշեց, որ Քոլոմպոսի Ասպետները աւելի քան մէկ դար շարունակ ծառայած են՝ աջակցելով կարիքաւորներուն, հալածուած քրիստոնեաներուն, պատերազմի եւ մարդավաճառութեան զոհերուն, ինչպէս նաեւ հասարակութեան խոցելի խաւերուն։

Պապը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց կազմակերպութեան շարունակական նուիրումին համար եւ վստահութիւն յայտնեց, որ անոր բարեգործական առաքելութիւնը պիտի շարունակէ պտուղներ տալ գալիք տարիներուն։

Վերջաւորութեան՝ Սրբազան Հայրը համաժողովի աշխատանքները յանձնեց Սուրբ Կոյս Մարիամի եւ Քոլոմպոսի Ասպետներու հիմնադիր երանելի Մայքլ ՄաքԿիվնիի բարեխօսութեան, ապա իր առաքելական օրհնութիւնը փոխանցեց կազմակերպութեան բոլոր անդամներուն եւ անոնց ընտանիքներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

04/08/2026, 22:00