Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ

Բնիկ Ժողովուրդները, աւետարանումը եւ մենք։

Ֆրանչիսկոս Պապին Քանատայի մէջ արտասանած ելոյթներուն ուղեւորութեան քարտէսը՝ հիմնուած Պօղոս Զի Evangelii nuntiandi եւ Evangelii gaudium փաստաթուղթերուն վրայ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին Քանատա կատարած առաքելական ճամբորդութեան լոյսին տակ Վատիկան Նիուզի խմբագրական կազմի ընդհանուր տնօրէն Տիար Անտրէա Թորնիելլի յօդուածով մը համառօտ կերպով ներկայացուց ֆրանչիսկոս Պապին Քանատայի մէջ արտասանած ելոյթներուն առանցքն ու հիմնական կէտերը։

Խմբագրականի մէջ Տիար Թորնիելլի ի միջի այլոց կը գրէ

Ֆրանչիսկոս Պապին Քանատայի մէջ արտասանած ելոյթներուն ուղեւորութեան քարտէսը՝ հիմնուած Պօղոս Զի Evangelii nuntiandi եւ Ֆրանչիսկոս Պապին Evangelii gaudium փաստաթուղթերու վրայ։

Ֆրանչիկոսկ Պապին Քանատայի մէջ ապաշխարութեան ուխտագնացութեան սիրտը ներկայացուած է Անոր ցուցաբերած անհատական մօտիկութեամբ բնիկ ժողովուրդներուն եւ ներումի խնդրանքով` գաղութատիրական մտածելակերպի պատճառած աղէտներուն համար, որ փորձեց արմատախիլ ընել աւանդական մշակոյթները, նաեւ կառավարութեան կողմէ պահանջուած եւ Քրիստոնեայ եկեղեցիներէն մատակարարուած գիշերօթիկ դպրոցներուն ողբերգական փորձարկումով։ Բնիկ ժողովուրդներու հետ հանդիպումները ազդեցին ճամբորդութեան ամէն հանգրուանին վրայ ու անոնք եղան նաեւ յուզիչ։

Բնիկ ժողովուրդներուն տառապանքներու եւ ձեռնարկուած հաշտութեան ուղեւորութեան վրայ հասկնալի կեդրոնացումը, երկրորդ կարգին զետեղեցին ֆրանչիսկոս Պապին ճառերուն մէջ տարածուած կարգ մը թանկարժէք ցուցմունքները, որոնք օգտակար ուղիներ կը շնորհեն աւետարանումին համար՝ այսօր։

Ուղին` զոր կ՝առաջարկէ Պապը, այն է «չորոշել ուրիշներու համար, այլ խաչին եւ եղբօրը դիմաց դնել մենք զմեզ, միասին քալել սորվելու համար։ Եկեղեցւոյ դէմքը կը ձգտի աւելի շատ կառչիլ աւետարանին եւ չ՝ունի շարք մը գաղափարներ եւ պատուէրներ որ կ՜ուզէ ժողովուրդին միտքին մէջ արմատաւորել, այլ գիտէ ըլլալ հիւրընկալ տուն, բոլորին համար վկայելով Յիսուսը, «ինչպէս որ Ան կը փափաքի, ազատութեան եւ եղբայրսիրութեան մէջ»։

Աւետարանի նկատմամբ անտարբերութեամբ եւ աշխարիկութեամբ բնորոշուած ժամանակաշրջանին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ կը յիշեցնէ թէ այս մէկը կը նշանակէ առաջարկել առաջին աւետումը։ Որովհետեւ հաւատքի ուրախութիւնը չհաղորդուիր «ներկայացնելով երկրորդական երեւոյթներ, անոր` որ տակաւին իր կեանքին մէջ չէ ողջագուրած Տէրը, կամ ալ միայն կրկնելով կարգ մը խրատներ ու անցեալի հովուական ծառայութեան ձեւեր»։

Միշտ յարկ է նոր ուղիներ գտնել, ունկնդրութեան, երկխօսութեան, եւ հանդիպումի առիթներ որոնել, տեղ տալով Աստուծոյ ու անոր նախաձեռնութեան եւ ոչ թէ դաւանափոխութեան։ Եւ այսպէսով է որ կը վերադառնանք «Առաքեալներուն գործունէութեան էականութեան եւ խանդավառութեան»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/07/2022, 14:30