Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին 

Կարդինալ Փարոլին. «Ֆրանչիսկոս Պապ Քանատա կը մեկնի ողջագուրելու համար բնիկ ժողովուրդները»։

«Վատիկան Նիւզ»ի Վատիկանի պետական քարտուղարին հետ հարցազրոյցը ֆրանչիսկոս Պապին դէպի Քանատա առաքելական ճամբորդութեան մասին

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Դէպի Քանատա առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակին, Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Վատիկանի Նիւզի հեզ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Քանատա կատարելիք ճամբորդութեան նպատակներուն, որոնց առանցքներէն մին է բնիկ ժողովուրդներու հետ հանդիպումը ողջագուրելու համար զանոնք ու ներում հայցելով անցեալին կատարուած ձուլումի քաղաքականութեան յանցանքներուն համար։

Ապաշխարութեան ուխտագնացութիւն

Կարդինալ Փարոլին նշեց, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ Քանատային մէջ պիտի ապրի խիտ 6 օրեր։ Նորին Սրբութեան սպասումի մէջ են Քանատայի համայն երկիրը, որուն մէկ մասը վիրաւորուած է անցեալի սխալներէն, որոնց շարքին բնիկ ժողովուրդներուն ապրած տառապանքները՝ գաղութատիրական մտածելակերպի պատճառով, «որ որդեգրելով մշակութային ձուլումի քաղաքականութիւն մը ուզեց ոչնչացնել բնիկ ժողովուրդներու բնութիւնը», ըսաւ Կարդինալ Փարոլին աւելցնելով, որ նոյնինքն ֆրանչիսկոս Պապը  Քանատայի ճամբորդութիւնը որակեց «ապաշխարութեան ուխտագնացութիւն», որուն նպատկան է սատարել հաշտեցման եւ ապաքինումի ճանապարհին։

Տեղական եկեղեցւոյ հետ հանդիպում

Պետական քարտուղարը ապա յայտնեց թէ Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական 37-րդ ճամբորդութեան կեդրոնական կէտն է նաեւ տեղական եկեղեցւոյ հետ հանդիպումը, որ ինչպէս շատ մը երկիրներու մէջ, կ՝ապրի ճգնաժամեր, աշխարականացումի ոլորտէն ներս։ Ֆրանչիսկոս Պապ անձամբ կ՝ուզէ շօշափելի ձեւով իր մօտիկութիւնը յայտնել տառապող ժողովուրդներուն ու աղօթել ու ուխտագնացութիւն կատարել անոնց հետ։

Միասին քալել

Անդրադառնալով ապա Քանատայի առաքելական ճամբորդութեան «միասին քալել» կարգախօսին, յայտնեց որ ան ոչ միայն կը բացայայտէ Քանատայի բնիկ ժողովուրդներու հետ ձեռնարկուած ուղեւորութիւնը այլ նաեւ կը յիշեցնէ սիւնհոդոս բառը։

«Ֆրանչիսկոս Պապ ստէպ կը յիշեցնէ, որ «սինոդ» ոչ միայն պատահական իրադարձութիւն մըն է, այլեւ եկեղեցական ոճ մը, որ բոլորը կանչուած են որդեգրելու աւետարանի եւ քրիստոնեայ առաջին հասարակութիւններուն հոգիով, ոճ մը, որ կ՝իրականանայ փոխադարձ լսողութեան, երկխօսութեան եւ ընկերային հովուական ծառայութեան զատորոշումի մէջ ինչպէս նաեւ եղբայրութեան մէջ», ըսաւ Կարդինալ Փարոլին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/07/2022, 15:00