Հաւատացեալներ Հաւատացեալներ

Գեր.Փենիա Փառա, որպէս Ֆրանչիսկոս Պապին յատուկ ներկայացուցիչ կ՝այցելէ Դոմինիկեան հանրապետութիւն։

ֆրանչիսկոս Պապ Գերապայծառ Փենիա Փառային միջոցաւ Դոմենիկեան ժողովուրդին մօտիկութեան ի նշան, Ալթակրասիա Տիրամօր կը նուիրէ ոսկէ վարդ մը։
Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի 14 օգոստոսին, Դոմինիկեան հանրապետութեան մէջ Վատիկանի պետական քարտուղարութեան, ընդհանուր գործերու փոխանորդ գերապայծառ Էտկար Փենա Փառա, որպէս Ֆրանչիսկոս Պապին յատուկ ներկայացուցիչ կը նախագահէ, կեդրոնական Ամերիկիոյ պաշտպան սուրբ, Ալթակրասիա Տիրամօր, թագադրման հարիւրը ամեակին նուիրուած յոբելինական սուրբ տարուան փակման արարողութեան։

Գերապայծառ Փառա, կիրակի 14 օգոստոսին, կ՝այցելէ Ալթակրասի Տիրամօր Սրբավայրը, ուր հաւատացեալներու ներկայութեամբ կը նախագահէս Սուրբ Պատարագին որուն աւարտին սկիզբ կ՝առնէ ուխտագնացութիւն դէպի Սուրբ Տոմինկօ։

Երկուշաբթի, 15 օգոստոսին, Աստուածամօր Վերափոխման տօնին օրը, Գերապածառ Փառա կը հանդիպի տեղւոյն իշխանութեան անդամներու հետ, ապա Սան Տոմինկոյին մարզադաշտէ ներս կը նախագահէ Ալթակրասիա Տիրամօր թագադրութեան հարիւր ամեակին նուիրուած Սուրբ Պատարագին։

Նախատեսուած է, որ Դոմինիկեան հանրապետութեան մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին,ներկայացուցիչ հանդիպում ունենայ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի եպիսկոպոսներուն հետ, ինչպէս հանրապետութեան նախագահին հետ։

Յոբելինական տարուան փակման արարողութեան աւարտին, ֆրանչիսկոս Պապ Գերապայծառ Փենա Փառային միտջոցաւ Դոմենիկեան ժողովուրդին մօտիկութեան ի նշան, Ալթակրասիա Տիրամօր կը նուիրէ ոսկէ վարդ մը, որ կը զետեղուի Տիրամօր ոտքերուն մօտ։

Ալթակրասիա Տիրամայր
Ալթակրասիա Տիրամայր

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/08/2022, 12:24