Վատիկանի Քազինա Փիօ Դ անուան պալատը Վատիկանի Քազինա Փիօ Դ անուան պալատը 

Վատիկանի մէջ «Vitae» հիմնադրամին առաջին գագաթնաժողովը. Արուեստագէտներ եւ առաջնորդներ խթանելու համար ընդհանուր բարիքը

Vitae հիմնադրամը, շահոյթ չհետապնդող աշխարհային կազմակերպութիւն մըն է, որ կազմուած է տարբեր արուեստագէտներով եւ համաշխարհային հեղինակաւոր առաջնորդներով ու ունի որպէս առաքելութիւն փոխանցել համամարդկային արժէքներ, որոնք ունին դրական ազդեցութիւն մարդոց սիրտերուն եւ հոգիներուն վրայ արուեստի, մետիայի եւ զուարճանքին միջոցաւ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Vitae աշխարհային հիմնադրամը հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, թէ հիմնադրամին առաջին գագաթնաժողովը պիտի գումարուի Վատիկանի «Քազինա Փիօ Դ» պալատէն ներս, 31 օգոստոսին եւ 1 սեպտեմբերին։

Արուեստագէտներուն եւ միջազգային առաջնորդներու ներկայութեամբ ու Պապին մասնակցութեամբ գագաթնաժողովին նպատակն է՝ միասին կառուցել, զրոյցի մը սկիզբը, թէ ինչպէս կարելի է արուեստը, մետիան եւ զուարճանքը, օգտագործել, խթանելու համար մշակութային փոփոխութիւն մը, որ կը նպաստէ ընդհանուր բարիքին, տիեզերական արժէքներուն եւ անձերուն միջեւ հանդիպումին։

Այս առնչութեամբ Vitae հիմնադրամի հիմնադիրն ու նախագահ, տիար Լուսի Քուինելլի նշեց, թէ ընկերութիւն մը, որ բնութագրուած է բացասական պատգամներով, միջոցառումը կը ցանկանայ աշխատիլ միաւորելու համար արուեստագէտները եւ հեղինակաւոր անձերն ու համաշխարհային ազդեցիկները, որպէսզի միասնաբար զրուցեն այն մասին, թէ ինչպէս պէտք է յոյսն ու ընդհանուր բարիքը դարձեալ վերածել նորաձեւութեան՝արուեստներու միջոցաւ, դրականօրէն ազդելով մարդոց սիրտերու եւ հոգիներուն վրայ։

«Գագաթնաժողովը, որուն պիտի մասնակցի Ֆրանչիսկոս Պապն ու զօրակցութիւնը պիտի ունենայ աշխարհի տարբեր հեղինակաւոր առաջնորդներուն, օրինակի համար Սպանիոյ Սոֆիա թագուհիին, կը կայանայ արուեստագէտներու միջեւ համատեղ աշխատանքի հանդիպումի մէջ, քննարկելու համար ռազմավարութիւններ եւ ստեղծագործական առաջարկներ՝ մշակութային նախաձեռնութիւններուն զարգացման համար՝ լաւագոյն աշխարհի ի սպաս, ուր կը խթանուի միութիւնը, յոյսը, բոլոր անձերու միջեւ հանդիպումը, ողջագուրելով տարբերութիւնները» ըսաւ Տիար Քուինելլի

Յայտնենք, թէ Vitae հիմնադրամը, շահոյթ չհետապնդող աշխարհային կազմակերպութիւն մըն է, որ կազմուած է տարբեր արուեստագէտներով եւ համաշխարհային հեղինակաւոր առաջնորդներով ու ունի որպէս առաքելութիւն փոխանցել համամարդկային արժէքներ, որոնք ունին դրական ազդեցութիւն մարդոց սիրտերուն եւ հոգիներուն վրայ արուեստի, մետիայի եւ զուարճանքին միջոցաւ։

Վերջին տարիներուն շնորհիւ միջազգային հեղինակաւոր արուեստագէտներու եւ առաջնորդներուն, կազմակերպութիւնը ստեղծած է տարբեր ծրագիրներ եւ մշակութային միջոցառումներ, որոնք դրական ազդեցութիւն ունեցան համայն աշխարհի մէջ հազարաւոր անձերու վրայ, միացնելով ժողովուրդը, ողջագուրելով տարբերութիւնը եւ պայքարելով ատելութեան դէմ, որ ներկայ ընկերութեան կը սպառնայ։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/08/2022, 11:21