Կարդինալ Ծուփփին խաղաղութեան միջնորդ
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Վատիկանի մէջ գումարուած Իտալացի եպիսկոպոսներու ընդհանուր հաւաքին առիթով Իտալացի Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահ Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփի անդրադարձ կատարեց Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ իրեն յանձնուած Ուքրանիոյ մէջ «խաղաղութեան առաքելութեան», հաստատելով` որ այդ առաքելութիւնը պէտք է «սատարէ Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութեան լարուածութիւններու մեղմացումին»։
Կարդինալ Ծուփփին նշեց հուսկ, թէ ինք կը մեկնի իր հետ տանելով «Քահանայապետին եւ Եկեղեցւոյ մօտիկութիւնը» ու «սփոփելու համար սարսափելի իրավիճակի մը հետեւանքները» ապա «աշխատելու ի նպաստ երկխօսութեան մը խթանումին»։ «Մենք ըսաւ Ան չենք կարող ականատես ըլլալ պատերազմին առանց մեր մօտիկութիւնը արտայայտելու անոր զոհերուն»։
Ծիրանաւորը այս առնչութեամբ մատնանշեց նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին անցեալ տարուայ` Անարատ Յղութեան տօնին օրը, 8 դեկտեմբերին, Սպանիա հրապարակին վրայ աղօթքի ընթացքին խոր յուզմունքին նշելով` թէ Քահանայապետը «արցունքով» ներգրաւուած է պատերազմի ու խաղաղութեան ձգտումի գործընթացին մէջ։
«Ես համոզուած եմ, որ անհրաժեշտ է ելքի ճամբայ մը գտնել...որեւէ այլ բանի դիմել պատերազմը կրաւորական կերպով չընդունելու համար» ըսաւ ի միջի այլոց Իտալիոյ Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասին նախագահը հաստատելով, որ «պէտք միշտ բաց պահել բոլոր խողովակները, կասեցնելու համար ջարդը, այլ ճանապարհ գոյութիւն չունի»։
Կարդինալ Ծուփփին անդրադարձ կատարեց նաեւ Իտալիոյ հիւսիսային շրջանը հարուածող ջրհեղեղին ու բնակչութեան ապրած մտահոգութիւններուն ու դժուարութիւններուն ընդգծելով` որ այդ անել վիճակը յաղթահարելու ճանապարհը կը կայանայ «միասին աշխատելու մէջ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ