2024.05.27 Santa Messa per la 61.ma Giornata Mondiale dell'Africa

Կարդինալ Փարոլինի այցը Ֆրանսա։ Քուպացի բանտարկեալներու ազատ արձակման լուրը` յոյսի նշան

Սուրբ Աթոռի Պետքարտուղարը այս օրերուն կը գտնուի Ֆրանսա՝ մասնակցելու Եւրոպայի եւ Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ կազմակերպուած համաժողովին, որ կը կայանայ այսօր՝ 16 Յունուարին։ Մինչ երեկ՝ 15 Յունուարին Մաթինյոնի մէջ, Ան հանդիպեցաւ Հանրապետութեան Վարչապետին հետ որուն Հետեւեցան ՆԳ եւ ԱԳ արտգործնախարարներու հետ հանդիպումները։ Այցի ծիրէն ներս Կարդինալ Փարոլինը, մեկնաբանած է նաեւ 553 քուպացի բանտարկեալներու ազատ արձակումին լուրը զայն նկատելով յոյսի նշան
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Վատիկանի Պետքարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը կը գտնուի Ֆրանսա, Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ մասնակցելու համար, հարիւր տարիներ առաջ թեմական միութիւններու վերաբերեալ նամակներու փոխանակման (11-17 Յունուար 1924) առթիւ 16 Յունուարին կազմակերպուած համաժողովին։

Նամակներ` որոնք ստորագրուած են ժամանակի Վարչապետ Ռայմոնտ Պուենքաղեի, որ հետագային դարձած է Հանրապետութեան Նախագահ, եւ Առաքելական Նուիրակ Պոնավենթուրա Չերրեթթիի միջեւ։ Ֆրանսայի Պետական Խորհուրդը այդ նամակները միջազգային համաձայնագիր կը նկատէ, որ կը պարտաւորեցնէ Ֆրանսան եւ Սուրբ Աթոռը եւ կ’արտօնէ թեմական ընկերակցութիւններ ստեղծել իւրաքանչիւր թեմի մէջ ՝ այդպիսով դարման գտնուելով Եկեղեցիներու եւ Պետութեան տարանջատման մասին 1905 թուականի օրէնքով ստեղծուած իրաւական բացին։

Համաժողովի ընթացքին Փարոլինին ուղեկցած է Առաքելական Նուիրակ Գերապայծառ Չելեսթինօ Միլիորեն։ Ներկայ գտնուած է նաեւ Ֆրանսայի Եպիսկոպոսական դասի նախագահ, Ռէյմսի Արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Էրիք տը Մուլեն-Պոֆորը։

Պետքարտուղարի հանդիպումները

Մինչ այդ՝ 15 Յունուարին, «Հոթել տե Մաթինյոնի» մէջ տեղի ունեցած է Պետքարտուղարի եւ Ֆրանսայի Վարչապետ Ֆրանսուա Պայրուի հանդիպումը, Անորմէ ետք Կարդինալ Փարոլինը հանդիպած է Ներքին գործոց նախարար եւ միաժամանակ պաշտամունքի հետ կապուած հարցերու պատասխանատու Պրունօ Ռեթեյոյի ետ: Վատիկանի բարձրաստիճան ներկայացուցիչը հանդիպած է նաեւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոել Պարոյի հետ՝ քննարկելով ընդհանուր հետաքրքրութիւն ներկայացնող միջազգային հարցեր։

Քուպացի բանտարկեալներու ազատ արձակումը յոյսի նշան է

Այցի ծիրէն ներս, պատասխանելով Վատիկանի լրատուամիջոցներու հարցին, Փարոլինը անդրադարձած է Հավանայէն ստացուած լուրերուն՝ հաստատելով, որ «553 քուպացի բանտարկեալներու աստիճանական ազատ արձակման մասին լուրը մեծ յոյսի նշան է այս Յոբելեանի սկզբին»։

«Յատկանշական է, որ Հավանայի իշխանութիւնները այս որոշումը ուղղակիօրէն կապած են Ֆրանչիսկոս Պապի կոչին հետ, որ ողորմութեան ժեստեր խնդրած է Յոբելեանի կոնդակին մէջ, ինչպէս նաեւ քանի մը այլ առիթներով», նշած է Ծիրանաւորը ընդգծելով նաեւ, որ․ «2024-ին Միացեալ Նահանգներու նախագահի կողմէ տասնեակ մահապատիժներ փոխարինուած են ցմահ ազատազրկութեամբ»։

Պետքարտուղարը անդրադարձած է նաեւ Զիմպապուեի կողմէ մահապատիժը վերացնելու մասին լուրերուն եւ ի վերջոյ յոյս յայտնած է, որ 2025 թուականը շարունակէ ընթանալ այս ուղղութեամբ, եւ որ բարի լուրերը բազմապատկուին՝ յատկապէս տակաւին շարունակուող բազմաթիւ հակամարտութիւններու համար հրադադարի առումով»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/01/2025, 12:02