Արք. Կալլակեր. Կրօնական Ազատութիւնը անքակտելի իրաւունք է, մեծ թիւով քրիստոնեաներ անարդարութեան զոհ կը դառնան
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Արքեպիսկոպոս Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր՝ Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղարը, Սուրբ Պատարագ մատոյց Մոնաքոյի Անարատ Յղութեան նուիրուած մայր տաճարին մէջ, Սրբուհի Տէվոթային ծիսական տօնին առիթով։
Արտասանած քարոզին մէջ արքեպիսկոպոսը ընդգծեց ատելութեան մէջ չ՝իյնալու կարեւորութիւնը, նաեւ աշխարհի տարբեր վայերուն մէջ քրիստոնեաներուն կրած հալածանքներուն եւ անարդարութիւններու դիմաց։ Արք Կալլակեր ուշադրութեան հրաւիրեց Քրիստոնեաներու կրած տառապանքին վրայ ու դատապարտեց կրօնական ազատութեան խախտումները նկատելով զայն հիմնական եւ անքաքտելի, որուն համար շատեր իրենց կեանքը կը զոհեն։
Արք Կալլակեր յիշեց 304 թուականին նահատակուած Սրբուհի Տեվոթան ապա յարեց, թէ Մոնաքոն մեծամասնութեամբ կաթողիկէ քաղաք ըլլալով հանդերձ կրօնական ազատութիւնը վտանգի տակ է շատ մը երկիրներուն մէջ ու յորդորեց թոյլ չտալ, որ ատելութիւնը թունաւորէ սիրտերը ապա զրուցեց խոնարհութեան եւ հեզութեան մասին՝ որպէս խաղաղութիւն կառուցելու գործիք։
Եզրափակելով իր քարոզը արք Կալլակեր հրաւիրեց լիարժէք կերպով ապրելու հաւատքը եւ սերմանելու յոյսը նոյնիսկ այսօրուան աշխարհի դժուարութիւններուն մէջ օգտագործելով Սրբուհի Տեվոթայի «Ֆորմուլայ մէկ»ի մէջ պատկերը որպէս քրիստոնէական կեանքը ընտրելու խորհրդանիշ։ Արքեպիսկոպոսը քաջալերեց Մոնաքոյի ժողովուրդը աշխուժութեամբ ներգրաւելու կորսուած յոյսը որոնելու մէջ, յատուկէն յոբելինական Սուրբ Տարուան ընթացքին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ