Կարդինալ ՄաքԼրոյ Կարդինալ ՄաքԼրոյ 

Կարդինալ ՄաքԼրոյը Ուաշինկթընի նոր արքեպիսկոպոս

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Միացեալ նահանգներու մայրաքաղաք, Ուաշինկթընի թեմի արք. Կարդինալ Վիլթլոն Տանիէլ Կրէկորիի հրաժարականը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ընդունելով Ուաշինկթընի թեմի հովուական ծառայութեան կառավարիչ, կարդինալ Տանէիլ Կրէկորիի հրաժարականը, Ֆրանչիսկոս Պապը յիշեալ թեմի նոր եպիսկոպոս նշանակեց կարդինալ Ռոպէրթ Վալթէր Մք Էլրոր, որ 2015 թուականէն կը կառավարէ Սան Տիէկոյի թեմը։

Կարդինալ Ռոպէրթ Վալթէր ծնած է Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքը՝ 5 փետրուար 1954ին, մտած է Սան Ժոզէֆի փոքրիկ նորընծայարանը եւ ուսանած է Քամրպիտճի Հարւէրտ համալսարանը։ Քալիֆորնիայի մէջ ուսանած եկեղեցական գիտութիւնները ու Հռոմի Գրիգորեան համալսարանին մէջ մասնագիտացած է բարոյական աստուածաբանութեան մէջ ապա Սթանֆորտի համասպրանէն ստացած է քաղաքական գիտութիւններուն տոքթորի տիտղոսը։

Սան Ֆրանսիսքոյի արքեպիսկոպոսարանի համար ձեռնադրուած է քահանայ
12 ապրիլ 1980ին։ 6 յուլիս 2010ին, նշանակուած է Սան Ֆրանսիսքոյի օգնական եպիսկոպոսը ապա 7 սեպտեմբերին օծուած է եպիսկոպոսը։

27 օգոստոս 2022ին, Ֆրանչիսկոս Պապ գերպ ՌոպէրլթՎալթրէրը անուանեց ծիրանաւորը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/01/2025, 10:55