Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին 

Կարդինալ Փարոլին լրատուամիջոցներուն. «հոգեւոր հիւանդութիւններուն» դէմ, հաղորդել առանց ճչալու

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին «Սուրբ Պետրոս» տաճարին մէջ նախագահեց Սուրբ Պատարագին նուիրուած կաթողիկէ հաղորդամիջոցներուն միջազգային համագումարին մասնակիցներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ մատոյց սուրբ պատարագ, ներկայութեամբ Կաթողիկէ հաղորդամիջոցներուն միջազգային համագումարին մասնակիցներուն։ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ ծիրանաւորը ընդգծեց պատասխանատու հաղորդակցութեան կարեւորութիւնը ու յորդորեց ձայնով, պատկերներով ու գրուածքներով պատմել առանց անտեսելով ուրիշներուն առաջնային արժէքը, օգտագործելով պատշաճ եւ երբեք չգոռացող բառեր ապահովուելով գաղտնիութիւն, մեծահոգութիւն եւ խոհեմութիւնը։

Անդրադառնալով օրուան աւետարանին, Կարդինալ Փարոլին զգուշացուց հոգեւոր հիւանդութիւններէն, ինչպէս կեղծաւորութիւնը, գերիշխանութեան ցանկութիւնը, որոնք կարող են ազդել լրատուամիջոցներուն մէջ շեշտելով որ միայն Սուրբ Հոգին ճշմարիտն վարդապետն է։ Վատիկանի Պետական քարտուղարը յորդորեց ճանչնալու մեր ինքնութիւնը որպէս Աստուծոյ զաւակները, ընդգծելով որ այս գիտակցութիւնը մեզ կը միաւորէ, որպէս եղբայրներ եւ քոյրերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/01/2025, 15:51