2025.01.28 La presentazione del Summit sui diritti dei bambini in Sala Stampa vaticana

«Վերադարձնել փոքրիկներուն ժպիտը», Վատիկանի մէջ անչափահասներու իրաւունքներուն նուիրուած գագաթնաժողով

«Գագաթնաժողովը պիտի սատարէ կառուցելու նոր հարթակ մը որ կարող ըլլայ դիմագրաւելու ամենափոքրերուն իրաւունքներուն հրատապ հարցերը, միաժամանակ խթանելով միջազգային համագործակցութիւնը համայն աշխարհի մանուկներուն համար ապահով եւ հաւասար ապագայի մը համար» հաստատեց այս առիթով Հայր Էնցօ Ֆորթունաթոն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 28 Յունուար 2025ին Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի կեդրոնական սրահին մէջ տեղի ունեցաւ անչափահասներու իրաւունքներուն նուիրուած «Սիրենք ու պաշտպանենք զանոնք» խորագիրով գագաթնաժողովին ներկայացումը։

Ժողովը նախաձեռնուած է Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ եւ համադրուած Մանուկներուն Համաշխարհային Օրուայ Քահանայապետական կոմիտէին կողմէ ու տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 3 Փետրուարին Վատիկանի Առաքելական պալատէն ներս, որուն բացումն ու փակումը պիտի կատարէ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Հաւաքի ընթացքին ելոյթ ունեցողներու շարքին են` Իտալիոյ Արտգործ նախարար Անթոնիօ Թայանի, Իտալիոյ երբեմնի վարչապետ Մարիօ Տրակի, ԱՄՆ-ի երբեմնի փոխ նախագահ Ալ Կորը, Ալ Ազհարի աւագ Իմամը եւ Յորդանանի Ռանիա Թագուհին։

Պատկերացնել խնդիրները և առաջարկել լուծումներ այդ «փխրուն ծիլերուն» համար, որոնք մանուկներն են եւ որոնք շատ մը դէպքերու պարագային ստիպուած են ապրիլ «առանց յոյսի լոյսի» մը, այս է վերոնշեալ գագաթնաժողովը ոգեւորող հոգին, որ կազմակերպուած է համագործակցութեամբ Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան եւ Auxilium ընկերային գործակցութեան։

Մանուկներուն Համաշխարհային Օրուայ Քահանայապետական կոմիտէի նախագահ Հայր Էնցօ Ֆորթունաթոն ներկայացնելով վերոնշեալ ձեռնարկը մատնանշեց, թէ ինչպէս ամէն օր աշխարհի մէջ 14 հազար մանուկներ իրենց կեանքը կը կորսնցնեն եւ անոնցմէ շատերը կ՛աճին առանց յոյսի մը լոյսին։

Գագաթնաժողովի ընթացքին նախատեսուած են զանազան նիստեր` որոնց ընթացքին պիտի քննարկուին «ժամանակակից աշխարհի մէջ մանուկներուն իրաւունքներու» նիւթը ապա «կենսամիջոցներու մատչելիութեան մանուկներուն իրաւունքը» հուսկ « կրթութեան իրաւունքը» եւ «մանուկներուն ընտանիք ունենալու իրաւունքը»։

«Գագաթնաժողովը պիտի սատարէ կառուցելու նոր հարթակ մը, որ կարող ըլլայ դիմագրաւելու ամենափոքրերուն իրաւունքներուն հրատապ հարցերը, միաժամանակ խթանելով միջազգային համագործակցութիւնը` համայն աշխարհի մանուկներուն համար ապահով եւ հաւասար ապագայի մը համար» հաստատեց այս առիթով Հայր Էնցօ Ֆորթունաթոն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/01/2025, 12:22