Կարդինալ Կուճերոթթին Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ Կարդինալ Կուճերոթթին Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ 

Սուրիա, Քահանայապետին մօտիկութիւնը հակաթոյն է վախի դիմաց

Սուրիոյ մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին պատուիրակ Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթին, աւարտելով Երկիր իր առաքելութիւնը,վերադարձած է Հռոմ։ Այցելած վայրերն են Հալէպ, Հոմս, Դամասկոս, Մար Մուսա: «Սուրիական եկեղեցիներու ներկայացուցիչները պէտք է խօսին մէկ ձայնով՝ անցումային գործընթացի վրայ ազդելու համար», շեշտած է Ան։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

«Մեծ յոյզերու եւ նաեւ անձնական յոյզերու օրեր», յայտարարեց կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթին Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, խօսելով Սուրիա կատարած իր առաքելութեան մասին, որ նկատեց «Յագեցած ծրագիր» որ եղաւ «Քահանայապետին ջերմութիւնը տանիլ տեղական Եկեղեցիներու հաւատացեալներուն եւ հոգեւորականներուն եւ վկայել Սրբազան Հօր մօտիկութիւնը Սուրիոյ ողջ բնակչութեան:

Քահանայապետի մօտիկութիւնը՝ բալասան

Ան մէկ շաբաթ տեւած ճամբորդութեան ընթացքին ականատեսը եղաւ «մարդկանց առօրեայ կեանքի ողբերգական դժուարութիւններուն՝ համատարած աղքատութեան, ջուրի, էլեկտրականութեան, ջեռուցման բացակայութեան, ապագայի անորոշութեան», եւ միաժամանակ վկան եղաւ, այն բանի թէ ինչպէս Ֆրանչիսկոս Պապի մօտիկութեան պատգամը բալասան դարձաւ։ Ըստ Ծիրանաւորի «Սրբազան Հօր համագործակիցի միջոցաւ զգալ, որ ուղեկցուած ես, որ սիրուած ես, խորապէս յուզեց զանոնք»։ Զգացմունքներ, որոնք եռանդուն կերպով փոխադարձուեցան։

Քրիստոնեաները պէտք է մնան

Համատարած աղքատութիւնը եւ ընթացող անցումային գործընթացի հետ կապուած բազմաթիւ անորոշութիւնները կը շարունակեն որոշիչ գործօն ըլլալ արտագաղթի առաջացման համար՝ նա մանաւանդ քրիստոնեաներուն համար: «Այդ ուղղութեամբ հնարաւորինս շատ աշխատանք կատարուեցաւ՝ փորձելով համոզել, որ հնարաւոր ամէն ջանք պիտի գործադրուի, որպէսզի անոնց մանուկները ապագայ ունենան այդ հողին վրայ, հակառակ պարագային Երկիրը արիւնաքամ ըլլալու սպառնալիքի տակ է», բացատրեց Կարդինալը՝ նկատել տալով, որ այլեւս նուազագոյն քրիստոնէական ներկայութիւնը վերջնականապէս անհետանալու վտանգի տակ է` իր իսկ բնօրրանէն:

Երիտասարդներու դերը

Եւ բազմաթիւ եղան սուրիացի երիտասարդները, որոնց հանդիպեցաւ Սրբազան Քահանայապետի Պատուիրակը ճամբորդութեան բոլոր փուլերու ընթացքին, որոնք աշխուժացնելով ծիսակատարութիւնները պատմեցին սուրիական հասարակութեան նկատմամբ ստանձնած իրենց պարտաւորութիւններու մասին: «Անոնք իրենք զիրենք առաջին հերթին սուրիացի կը զգան եւ որպէս այդպիսին կը ցանկանան ընդունիլ հասարակական նոր հիւսուածք կառուցելու մարտահրաւէրը», ընդգծեց Կարդինալ Կուճերոթթին: Երիտասարդներու եւ քրիստոնէական համայնքներու անդամներու վճռականութիւնը, Սուրիոյ ապագայի գլխաւոր հերոսները ըլլալու անոնց ցանկութիւնը, մարտահրաւէր է տեղական Եկեղեցիներուն՝ ուժեղ պատասխանատուութիւն ստանձնելու:

Անցումային շրջանին միասնական մնալը

«Նախ եւ առաջ ըլլալ մէկ ձայն՝ չնայած աւանդոյթներու, հաստատութիւններու, դասակարգութիւններու բազմազանութեան», այս է Ծիրանաւորի կոչը սուրիական Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն, քանզի «հակառակ պարագային ամէն ինչ ամբողջովին կորսնցնելու վտանգը կայ: Քրիստոնեաներու ձայնը այստեղ եւ այս պահին պէտք է միասնական ըլլայ հիմնարար կարիքներու համար, անցումային ուժերուն ընդհանուր պահանջներու համար եւ ասիկա է պատճառը, որ այցելած ենք նաեւ ուղղափառ եկեղեցիներու ղեկավարներուն», յայտարարեց Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթին եւ եզրափակեց․ «Շատ նուրբ պահ մըն է։ Եթէ կ’ուզենք պատկերացնել պետութիւն մը, որ ունի բազմակողմ եւ հաւասարապէս ուրոյն բնոյթ հասարակութիւն կազմելու մէջ, ապա քրիստոնեաները մեծ դեր կը խաղան, նաեւ Սուրբ Աթոռը մեծ դեր մը ունի այս ծիրէն ներս» ըսաւ Ան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/01/2025, 11:00