Կարդինալ Կուճերոթթի. Աւետարանը պատուար մարդկային արժանապատուութեան յարձակումներուն դէմ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Արեւելեան եկեղեցիներուն վերատեսչութեան վերատեսուչ, Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթի, չորեքշաբթի, 19 փետրուարին «Սուրբ Պետրոս» Տաճարին մէջ գլխաւորեց, Արեւելեան եկեղեցիներուն վերատեսչութեան ենթաքարտուղար, գերպ Ֆիլիփօ Չամփանելիի եպիսկոպոսական օծման արարողութիւնը, առընթերակայութեամբ՝ Արք Էտկար Փենա Փառայի եւ Նովարայի թեմի արք Գերպ Ճուլիօ Պրամպիլլա։ Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Նովարայի թեմէն ժամանած աւելի քան 600 հաւատացեալներ։
Արտասանած քարոզին մէջ արեւելեան եկեղեցիներուն վերատսեսուչը, յիշելով Սուրբ Պօղոս առաքեալը ընդգծեց ճշմարտութեան մէջ «սիրտի կուսութիւնը» պահպանելու կարեւորութիւնը ու յիշեց գերպ Չամփանելլի հետ ունեցած սերտ բարեկամութիւնը եւ յարգանքի կապերը, «որոնք տարբեր ազգերու մէջ ընդհանուր դիւանագիտական առաքելութիւններուն արդիւնքն են»։
Մեկնաբանելով «Յիսուսի քահանայական աղօթք»ը Կարդինալ Կուճերոթին անդրադարձաւ փրկագործութեան խորհուրդին ապա օգտագործելով «Մաթրիոսքա»յի փոխաբերութիւնը՝ ընդգծեց Աստուծոյ առջեւ սեփական փոքրութիւնը ճանչնալու կարեւորութիւնը։
Արեւելեան եկեղեցիներուն վերատեսուչը յորդորեց նորօծ եպիսկոսպոսը ծառայելու ճշմարտութեան, ընդգծելով այդ պարտականութեան դժուարութիւնները՝ բարդ համաշխարհային շրջանակներէն ներս, ապա յիշեց անարդարութեան դէմ մարդկային արժանապատուութիւնը պաշտպանելու եւ հասարակութեան զոհերուն հոգ տանելու կարեւորութիւնը, «որոնք կ՝արտացոլեն Աստուծոյ պատկերը»։
Կարդինալ Կուճերոթի քարոզը աւարտեց քաջալերելով գերպ Չիամփաննելի շարունակելու իր յանձնարարութիւն սիրով եւ նուիրումով ու իր աղօթքը ապահովուեց Ֆրանչիսկոս Պապին շուտափոյթ ապաքինումի համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ