Հռոմի եւ իտալիոյ եկեղեցիներուն մէջ աղօթքներ Ֆրանչիսկոս Պապի առողջութեան համար
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Մինչ Ֆրանչիսկոս Պապին առողջապահական վիճակը կը մնայ փխրուն, բարդ եւ մտահոգիչ, ու բժիշկներու կանխատեսումը «զգուշաւոր վերապահութեամբ» եւ մինչ այսօր` 23 Փետրուարի առաւօտեան Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տարածած տեղեկատւութեամբ նշուեցաւ` որ «Սրբազան Պապը անդորր անցուցած է գիշերը եւ հանգիստ ըրած է», Հռոմի եւ իտալիոյ եկեղեցիներուն մէջ կը կազմակերպուին պատարագներ եւ աղօթքներ նուիրուած Ֆրանչիսկոս Պապի ապաքինումին։
Սուրբ Պատարագ Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս պազիլիքայի մէջ
Արդարեւ Կիրակի 23 Փետրուարի երեկոյեան ժամը 5.30-ին Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս մայր տաճարին մէջ Հռոմի թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Պալտասսարէ Ռէյնա սուրբ պատարագը կը մատուցէ յատուկ աղերսական աղօթքով մը` նուիրուած Ֆրանչիսկոս Պապի առողջութեան, եւ նոյնը կը կատարեն Հռոմի Թեմի միւս բոլոր ժողովրդապետութիւնները։
«Կ՛ուզեմ ձեզ բոլորդ հրաւիրել հոգեպէս միանալու ինծի` պատարագին զոր պիտի մատուցեմ այս երեկոյ։ Աղօթքի եւ հաւատքի այս հաղորդութեամբ, իւրաքանչիւրը իր հասարակութեան մէջ, մեր աղերսանքը պիտի բարձրացնենք Տիրոջ, որպէսզի իր շնորհքով թոկուենք կանգնի Սրբազան Պապին ու անոր պարգեւէ պէտք եղած ուժը, որպէսզի դիմագրաւէ այս ծանր պահը» գրած է Կարդինալ Ռէյնա այս առիթով Հռոմի կղերական դասին ու հաւատացեալներուն ուղղած հրաւէրին մէջ, ուր ապա առաջարկուած են աղօթքի տարբեր դիտաւորութիւններ, նուիրուած Ֆրանչիսկոս Պապի ապաքինումին։
Սուրբ Վարդարանի աղօթքը ուղիղ եթերով
Միշտ այսօր երեկոյեան ժամը ութին` Պոլոնիա քաղաքի Սան Տոմենիքօ Եկեղեցւոյ մէջ, Պոնոլինա թեմի Արքիեպիսկոպոս եւ Իտալիոյ Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահ` Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփի, պիտի գլխաւորէ Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքը, նուիրուած Ֆրանչիսկոս Պապի առողջութեան, աղօթք` որ ուղիղ եթերով պիտի սփռուի վերոնշեալ Համահաւաք դասի պատկան Tv2000 հեռուստակայանէն եւ այլ հաղորդամիջոցներու միջոցաւ։
«Մենք կ՛ուզենք միանալ Ֆրանչիսկոս Պապին, Տիրոջմէ հայցելով` որ թիկունք կանգնի անոր այս տառապանքի պահուն, որպէսզի սփոփանք գտնէ եւ արագ կերպով վերականգնի։ Այս մէկը գործնական ձեւ մըն է անոր յայտնելու իտալիոյ եկեղեցական հասարակութեան մօտիկութիւնն ու սէրը, որ մի քանի օրերէն ասդին աշխուժացուցին իրենց աղօթքները» կը հաստատէ Կարդինալ Ծուփփին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ