Սուրբ Աթոռ. Արհեստական բանականութիւնը «խաղաղութեան» աղբիւր բայց նաեւ գոյութենական ուժեղ սպառնալիք
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Սուրբ Աթոռը յստակ դիրքորոշում յայտնեց զարգացող արհեստագիտութիւններոն վերաբերեալ՝ ընդգծելով անոնց կիրառման կարեւորութիւնը՝ յանուն ընդհանուր բարօրութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան, խուսափելով հակամարտութիւններն ու ալկորթիմները գերակշռող որոշումներէն։
ԵԱՀԿ-ի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան ֆորումին, գերպայծառ Ռիչարտ Կիրան իր ելոյթը բացաւ յիշելով Ֆրանչիսկոս Պապը եւ ընդգծելով սպառազինութիւններու ոլորտէն ներս լուրջ բարոյական խնդիրները։
Սուրբ Աթոռի մնայուն դիտորդը ընդգծեց մարդկային պատասխանատուութիւնը արհեստագիտական ռազմական օգտագործումին շրջանակէն ներս, շեշտելով բարոյական սկզբունքներուն պահպանման անհրաժեշտութիւնը, որոնք կը ճանչնան իւրաքանչիւր մարդու ներքին արժէքը։ Գերպայծառը ապա կեդրոնացաւ արհեստական բանականութեան վրայ, համարելով զայն ե՛ւ խաղաղութեան ե՛ւ անվտանգութեան աղբիւր ե՛ւ գոյութենական հնարաւոր սպառնալիք։
Ռազմական գործողութիւններու հեռակառավարման համակարգերու օգտագործումը կարող է նուազեցնել պատերազմի հետեւանքով առաջացած աւերածութիւններուն ընկալումը, ըսաւ ԵԱՀԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դիտորդը կարեւորելով նաեւ այլ վտանգ մը, որ է ինքնավար արհեստագիտութիւններու աճող օգտագործումը, որոնք կը վտանգեն ռազմական որոշումները պատուիրակել մեքենաներուն, ստեղծելով իրաւական անթափանցկութիւն եւ բարոյական հարցեր։ Գերպ Կիրա մէջբերեց մահացու ինքնավար զէնքի համակարգերը (LAWS), որոնք կարող են հարուածել թիրախները առանց մարդու միջամտութեան՝ նշելով որ «ոչ մէկ մեքենայ երբեք պէտք չէ ընտրուի մարդու կեանքը խլելու համար»։
Հետեւաբար Սուրբ Աթոռի դիրքորոշումը այն է, որ նոր արհեստագիտութիւնները ռազմական միջավայրէն աւելի մեծ պատասխանատուութեամբ եւ զգոնութեամբ կիրարկուին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ