«En route» Ցուցահանդէսը «En route» Ցուցահանդէսը 

Յոբելինական Սուրբ տարի. Վատիկանի գրադարանը բացումը կատարեց «En route» ցուցահանդէսին՝ նուիրուած ճամբորդութեան նիւթին

Ցուցահանդէսին բացումին ելոյթ ունեցողներուն շարքին, Վատիկանի գրադարանապետ, գերպ. Անճէլօ Վինչենցօ Զանին յարեց, թէ Հաւատքը նման ճամբորդութեան շարունակական որոնում է, մինչ՝ Իտալացի հեղինակաւոր արուեստագէտ Ճովանոթթի ընդգծեց, որ ճամբորդութիւնը ուխտագնացութիւն է։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 31 յունուարին, Վատիկանի գրադարանի կողմէ բացումը կատարուեցաւ «En route Exhibition» ցուցահանդէսին, Սուրբ տարուան կապակցութեամբ։ Ցուցահանդէսը կ՝ուսումնասիրէ ճամբորդութեան թեման՝ որպէս ճամբորդութիւն եւ շարունական հետազօտութիւն։ Ցուցահանդէսը բաց է 15 փետրուարէն մինչեւ 20 դեկտեմբեր 2025 եւ ցուցահանդէին մէջ ներկայացուած է պատմական փաստաթուղթերու հսկայական հաւաքածոյ, մասնաւորապէս դիւանագէտ Չէզարէ Փոմայի փաստաթուղթերը, որ հաւաքած է ամբողջ աշխարհէն թերթեր, առաջարկելով իւրայատուկ հայեացք դէպի ճամբորդութեան փորձառութիւններ։

Ցուցահանդէսին բացումին ներկայ գտնուող, Վատիկանի գրադարանի պատասխանատու գերպ Անճէլօ Զանին, ընդգծեց, որ ցուցահանդէսը հրաւէր է չմնալու անշարժ, այլ շարունակել փնտռել եւ բացայայտել մինչ Գեղարուեստական ներդրողներուն շարքին էին Իտալացի արուեստագէր Ճովանոթթին, Իրլանտացի նկարազարդող Քրիսթիանա Վիլիամս եւ Մարիա Կրացիա Չուրի, Dior-ի՝ կանանց հաւաքածոյին ղեկավարը։

Արուեստագէտ Ժովանոթթի ընդգծեց, թէ ամէն ճամբորդութիւն բացայայտումի եւ փոխակերպումի հնարաւորութիւն է, մինչ տիար Վիլիամս արտայայտեց պատկերներուն ուժի կարեւորութիւնը՝ ճամբորդութիւններու պատմութիւնները  պատմելու մէջ։

Ցուցահանդէսին ներկայացուած է նաեւ  երկու ֆրանսացի լրագրողներուն պատմութիւնը եւ վեց կիներուն արկածախնդրութիւնը, որոնք դիմագրաւեցին իրենց ժամանակուան ընկերային աւանդութիւնները՝ միայնակ ճամբորդելով։

«En route» ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ խոր ցոլացում ճամբորդութեան եւ հետազօտութեան արժէքի վերաբերեալ, հրաւիրելով այցելուները ուսումնասիրելու ոչ միայն արտաքին աշխարհը այլեւ իրենց անձերը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/02/2025, 11:12