Խաղաղութիւնը ամուր եւ տեւական ըլլալու համար պէտք է արդար ըլլայ․ Կարդինալ Փարոլին
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Երեկ՝ Փետրուար 13ի երեկոյեան, Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը ելոյթ ունեցաւ Լատերանեան դաշինքի տարեդարձի առթիւ Հռոմի Պորրոմէօ Պալատի մէջ կայացած Իտալիա-Սուրբ Աթոռ գագաթնաժողովի ծիրէն ներս, որուն մէջ արծարծեց տարբեր հարցեր՝ ընտանիքի պաշտպանութիւն, միջազգային ճգնաժամ՝ Միջին Արեւելքէն Ուքրանիա, գաղթականութիւն։
Ներկայ էին Իտալիոյ պետական շրջանակի բարձրագոյն ներկայացուցիչները՝ Նախագահ Սերճօ Մաթթարելլա, Վարչապետ Ճորճա Մելոնի, Արտաքին գործերու նախարար Անթոնիօ Թայանին եւ այլոք։
Մերձաւոր Արեւելքի մէջ լուծումը երկու պետութիւններու լուծումն է
Սուրբ Աթոռը միշտ ուշադիր է Կազայի մէջ ծաւալուող իրադարձութիւններու նկատմամբ։ Պաղեստինի բնակչութիւնը պէտք է կարողանայ մնալ սեփական հողին վրայ. «ոչ մէկ տեղահանում պէտք է կատարուի, եւ այս մէկը հիմնարար կէտերէն մին է», ըսաւ իր խօսքին մէջ Կարդինալ Փարոլինը՝ պնդելով, որ «լուծումը երկու պետութիւններու լուծումն է, քանի որ այդ մէկը նաեւ կը նշանակէ յոյս տալ բնակչութեան»:
Ուքրանիոյ համար «պէտք է արդար խաղաղութիւն»
Դիւանագիտութիւնը քայլեր կը ձեռնարկէ Ուքրանիոյ ուղղութեամբ՝ հաշուի առնելով նաեւ ԱՄՆ Նախագահ Թրամփի եւ Ռուսաստանի Նախագահ Փութինի վերջին հեռախօսազրոյցը, շեշտեց ապա Վատիկան բարձրաստիճան պաշտօնեան՝ ընդգծելով միաժամանակ, որ խաղաղութեան հասնելու փորձերու մէջ յոյսի նշոյլներ կան, սակայն «ամուր եւ տեւական ըլլալու համար, այդ խաղաղութիւնը պէտք է արդար ըլլայ, պէտք է ներգրաւէ բոլոր դերակատարներուն եւ հաշուի առնէ միջազգային իրաւունքի սկզբունքները: Բոլոր առաջարկներն օգտակար են, քանի որ անհրաժեշտ է այս կոտորածին վերջ տալ», հաստատեց Ան։
Գաղթականութեան խնդիրը
Ծիրանաւորը խօսեցաւ նաեւ գաղթականներու հարցի մասին՝ նշելով, որ իտալական համապատասխան իշխանութիւններու հետ երկկողմ հանդիպման ժամանակ քննարկուած է «Իտալիոյ մէջ գաղթականներու ընդունման եւ ընդելուզման նպատակով համագործակցութեան հարցերը: Եկեղեցին շատ աշխատանք կը տանի, անհրաժեշտ են համագործակցութեան արձանագրութիւններ տարածաշրջանային մակարդակով», յարեց ի վերջոյ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ