Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Վատիկանի մէջ Ամերիկայէն, Իսրայէլէն եւ Պաղեստինէն երիտասարդները « Թող Պատերազմը վերջ գտնէ

Քահանայապետական հիմնարկի կողմէ կազմակերպուած «Meaning Meets Us» միջոցառումի մասնակից 30 երիտասարդները հանդիպեցան Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։ Հանդիպումի աւարտին երիտասարդները քահանայապետին յանձնեցին նամակ մը ինչպէս նաեւ շապիկ մը՝ ստորագրելու համար

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

2էն 5 փետրուար, Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ «Meaning Meets Us» միջոցառումը մասնակցութեամբ Քրիստոնեայ, հրեայ եւ մահմետական երիտասարդներուն, ունենալով որպէս նպատակ խոկալ երկխօսութեան եւ խաղաղութեան մասին ի պատասխան անցեալ 7 հոկտեմբերի կայացած յարձակումներուն։

«Սքոլաս Օքուրենթեսօ քահանապետական հիմնարկի կողմէ կազմակերպուած հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերին Երուսաղեմի հրէական համալսարանի աշակերտներ։ Հանդիպումը իր գագաթնակէտին հասաւ երիտասարդներուն ֆրանչիսկոս Պապին հետ հանդիպումով, որուն ընթացքին երիտասարդները քահանայապետին յանձնեցին նամակը մը։

Meaning Meets Us միջոցառումի ընթացքին երիտասարդները կիսեցին իրենց փորձառութիւններն ու վկայութիւնները ընդգծելով տարբեր տեսակէտներու ըմբռնման եւ բաժանումները յաղթահարելու կարեւորութիւնը

Abigail Szor երիտասարդը իր փափաքը յայտնեց վերջ դնելու հակամարտութեան մինչ sabel Gonzales e Maysan Madi երիտասարդները կարեւորեցին Ֆրանչիսկոս Պապին հետ ունեցած հանդիպումի յուզիչ ազդեցութիւնը, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան կառուցման նպաստելու փափաքը։

Նշենք թէ Հռոմի մէջ բանաստեղծական զբօսանքի միջոցաւ երիտասարդները ուսումնասիրեցին իրենց կեանքի պատմութիւնները եւ ստեղծեցին հաւաքական պատմութիւններ, օգտագործելով արուեստը, որպէս երկխօսութեան գործիք։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/02/2025, 13:15