Սինոդ, Ժողով Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Սինոդ, Ժողով Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ  (ANSA)

Սինոդ. Տասը ուսումնական խումբերուն համակարգողներուն եւ քարտուղարներու ժողով

Երեքշաբթի, 18 փետրուարին, ուշ առաւօտեան տեղ ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ ստեղծուած խումբերուն ներկայացուցիչներուն հանդիպումը, եպիսկոպոսներուն Սինոդի 16-րդ սովորական ընդհանուր ժողովին առաջին նիստին ժամանակ ի յայտ եկած հարցերու շուրջ։ Իւրաքանչիւր համակարգող ներկայացուցի իր խումբի աշխատանքը։ Ժողովը սկսաւ Ֆրանչիսկոս Պապին շուտափոյթ ապաքինումի համար աղօթքով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 18 փետրուարին, առաւօտեան տեղի ունեցաւ եպիսկոպոսներու սինոդի 16-րդ սովորական ընդհանուր ժողովի առաջին նիստէն ծնած 10 ուսումնական խմբերու համակարգողներուն եւ քարտուղարներու միջեւ Ժողովը։ Սինոդի քարտուղարութեան փոխանցումին համաձայն ժողովը սկսաւ Ֆրանչիսկոս Պապին շուտափոյթ ապաքինումի աղօթքով ապա իւրաքանչիւր համակարգող ներկայացուց իր խումբի աշխատանքը՝ քննարկելով կիրարկուած մեթոտը, ներգրաւուած անձերը, հաշուետու թիւններուն ներկայացման ժամկէտները, դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ բաց հարցերը։ Հայր Ճաքոմօ Քոսթան առաջարկներ ներկայացուց հաշուետութիւններուն հետեւողականութիւնն ապահովուելու համար։

Համակարգողները տեղեկացուած են, որ կանոնական յանձնաժողովը կարող է աջակցիլ իրենց, յատկապէս կանոնական հարցերու շուրջ։ Կարդինալ Մարիօ Կրէք շեշտեց արտաքին ներդրումները հաշուի առնելու կարեւորութիւնը, որոնք կարելի է ուղարկել email ով, մինչեւ 2025 թուականին մարտ, ինչպէս նախ հաղորդուած է Երկրորդ նստաշրջանին սկիզբը։ Այս ներդրումները անյապաղ կ՝ուղարկուին համապատասխան խումբերու քարտուղարներուն։

Նշենք, թէ տասը ուսումնական խումբերը ստեղծուեցան ի պատասխան առաջին նստաշրջանի ընթացքին ծագած համապատասխան հարցերուն, որոնք կը վերաբերէին եկեղեցւոյ կեանքի եւ առաքելութեան սինոդական տեսանկիւնէն։
Խումբերը ստեղծուեցան 2024 թուականին մարտին՝ Հետեւելով Ֆրանչիսկոս Պապին ինքնագիր նամակին ու Պապին Կարդինալ Կրէքին հաղորդած նամակին , որուն մէջ Քահանայապետը կը խնդրէ հարազատ սինոդական մեթոտ եւ յստակ աշխատանքային ուղի ստեղծել խումբերու պարտականութեան համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/02/2025, 11:30