Ռամատան, աղօթք Ռամատան, աղօթք  (AFP or licensors)

Միջ կրօնական երկխօսութեան վերատեսչութեան պատգամը Ռամատանի կապակցութեամբ

Անհրաժեշտ է եղբայրսիրութիւն եւ հարազատ երկխօսութիւնը։ Մահմետականները եւ քրիստոնեաները միասին կարող են յոյսի վկաներ ըլլալ՝ հաւատալով որ բարեկամութիւնը հնարաւոր է, չնայած պատմական բաժանումներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ռամատանի ամսուան սկիզբին կապակցութեամբ, Միջ կրօնական երկխօսութեան վերատեսչութիւնը յղելով պատգամ մը իր ջերմ ողջոյնները փոխանցեց նշելով, որ այս ծոմապահութեան, աղօթքի եւ բաժնեկցութեան շրջանը հնարաւորութիւն է աւելի մօտենալու Աստուծոյ եւ վերանորոգուելու հաւատքի, կարեկցութեան, զօրակցութեան հիմնարար արժէքներուն մէջ։ Պատգամին մէջ միջ կրօնական երկխօսութեան վերատեսչութիւնը նշած է, որ Ռամատանը կը համընկնի Մեծ պահքի հետ, որ նման է քրիստոնեաներուն համար, ինչ որ հնարաւորութիւն կու տայ միասին քալելու մաքրումի եւ եղբայրսիրութեան ճանապարհով։

Անարդարութեամբ եւ հակամարտութիւններով յատկանշուած աշխարհին մէջ մեր ընդհանուր կոչումը հոգեւոր պարտականութիւններէն անդին կ՝երթայ։ Մեզի անհրաժեշտ է եղբայրսիրութիւն եւ հարազատ երկխօսութիւնը։ Մահմետականները եւ քրիստոնեաները միասին կարող են յոյսի վկաներ ըլլալ՝ հաւատալով որ բարեկամութիւնը հնարաւոր է, չնայած պատմական բաժանումներուն։ Յոյսը՝ խարսխուած Աստուծոյ հանդէպ հաւատքի վրայ կը միացնէ մեզի տարբերութիւններէն անդին, եւ կը յիշեցնէ մեզի իւրաքանչիւր անձի արժանապատուութիւնը՝ մերժելով բռնութիւնն ու խտրականութիւնը, գրուած է միջ կրօնական երկխօսութեան պատգամին մէջ։ Ռամատանը ու մեծ պահքը միասին նշելով, կարող ենք ցոյց տալ, որ հաւատքը կը փոխէ անձերն ու հասարակութիւնները՝ նպաստելով միասնութեան եւ հաշտութեան։ Բաժանումներուն շրջանակէն ներս, մեր մարտահրաւէրը եղբայրութեան վրայ հիմնուած է։ Մենք կը փափաքինք ապրիլ անկեղծ յարգանքով՝ հետեւելով ընդհանուր արժէքներուն, ինչպէս արդարութիւնը եւ յարգանքը ստեղծագործութեան նկատմամբ, դառնալով կամուրջներ կառուցողները, եւ ոչ թէ պատեր։

Ռամատանի այս ժամանակահատուածին, ի տես Ալ ֆիթրին, մենք յոյս կը յայտնենք կիսելու այս բարեկամութիւնը։ Թող որ մեր աղօթքներն ու զօրակցութեան ժեսթերը դառնան բարեկամութեան շօշափելի նշաններ եւ այս տօնը բերէ եղբայրական հանդիպումի պահեր որոնք կարող են փոխակերպել մեր համայնքներն ու աշխարհը՝ առաջարկելով խաղաղութեան եւ եղբայրութեան կազդուրիչ զեփիւռ։

Թող Ռամատանի ընթացքին ձեր ծոմապահութիւնն ու բարեգործական գործերը ձեզի խաղաղութեան, յոյսի եւ ուրախութեան արատ պտուղներ բերէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/03/2025, 11:33