Համբարձում եւ Սուրբ Պօղոս Զ.-ի ծիսական տօն
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Այսօր կը յիշատակուի Համբարձման տօնը, որ հայկական շատ ժողովրդական տօներէն մին է. Ան կը պատահի ընդհանրապէս գարնան կէսերուն եւ առիթ կու տայ ժողովուրդին երթալու դէպի դաշտերն ու լեռները եւ զանազան խաղեր, մրցումներ ընելու, արական խումբերու համար, իսկ կիներուն ու աղջիկներուն սովորութիւնն է Համբարձման վիճակ քաշել եւ անով զուարճանալ, ինչպէս նաեւ զանազան երգեր ու պարեր կատարել։ ։
Համբարձումը սակայն նախ եւ առաջ` քրիստոնէական տօնակատարութիւն մըն է եւ մեր ժամամուտը սքանչելի օրէն կը մեկնաբանէ աշխարհէս հրաշալի վերացումը Քրիստոսի։ Իսկ շարականագիրը կը նկարագրէ հիացմունքը վերնականներուն, այսինքն երկնքի բնակիչներուն, որոնք կը տեսնեն թէ ինչպէս անձ մը կը բարձրանայ երկրէն եւ կու գայ դէպի երկինք. Անոնք կը բացագանչեն. Ո՞վ է սա որ դիմեալ գայ յերկրէ, այսինքն ո՞վ է այս անձը որ երկրէն կու գայ դէպի մեզ։ Սա մարդացեալ Քրիստոսն է որ, կու գայ վերագրաւելու իր փառքի աթոռը, սակայն ան զգեցած է մարդկային մարմին եւ զայն փառաւորելու համար է որ կը վերանայ դէպի երկինք, պահելով իր մէջ երկու բնութիւնները, մարդկայինն ու աստուածայինը, յաւիտենական օրէն։
Այսօր կը յիշատակուի նաեւ Սուրբ Պօղոս Զ. Քահանայապետին ծիսական տօնը
Անցեալ տարի նոյն օրը` այսինքն 29 մայիսին հանգուցեալ Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապը յիշելով իր նախորդը ըսած էր. «Այսօր կը յիշատակենք Սուրբ Պօղոս Զ. Քահանայապետին ծիսական տօնը` Քրիստոսի, Եկեղեցւոյ և մարդկութեան նկատմամբ սիրով տոգորուած հովիւ։ Թող որ այս առիթը մեզ բոլորս օգնէ վերագտնելու քրիստոնեայ ըլլալու ուրախութիւնը, հրահրերով նորոգուած յանձնառում, սիրոյ քաղաքակրթութեան կառուցումին համար»։
Պօղոս Զ Քահանայապետը երանելի հռչակուած է 19 հոկտեմբեր 2014-ին Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ, որ ապա զայն դասեց Սուրբերու շարքին` 14 հոկտեմբեր 2018ին։
Աւազանի անունով Ճովաննի Պաթթսիթա Մոնթինի, ծնած էր Իտալիոյ Պրէշիա քաղաք՝ 26 սեպտեմբեր 1897-ին: Քահանայ ձեռնադրուած է 29 մայիս 1920-ին: 1937-ին նշանակուած է Պետական քարտուղարութեան փոխանորդ: Համաշխարհային Բ պատերազմին ընթացքին ձեռնարկած է բարեսիրական, խնամակալական եւ հիւրընկալութեան ծրագիրներ ի նպաստ Ֆաշիսթներու հալածանքի թիրախներուն, յատուկէն հրեաներուն:
1955-ին, կ՛ընտրուի Միլան թեմի Արքեպիսկոպոս: Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Պապին օրով մաս կը կազմէ կարդինալական դասին, ապա 21 Յունիս 1963-ին, կ՛ընտրուի Սուրբ Պետրոսի 261-րդ յաջորդը անուանակոչուելով Պօղոս Զ.:
Սուրբ Պօղոս Զ. Սրբազան Քահանայապետը ձեռնարկած անթիւ նախաձեռնութիւններու շարքին արժանի է յիշել Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովը, զոր Ան հասցուց աւարտին։
Ան եղաւ նաեւ առաջին Քահանայապետը որ կատարեց Առաքելական միջազգային ճամբորդութիւններ, առաջինը որ վերադարձաւ Յիսուսին ապրած վայրը` Երուսաղէմ եւ առաջինը, որ ողջագուրեց Օրթոտոքս Պատրիարքը ու խօսեցաւ նաեւ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն։ Ան եղաւ համամիութեան եւ միջ-կրօնային երկխօսութեան ի նպաստ գործող մարդը, եղաւ հաւատքի ու ազատութեան մարդը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ