People attend a mass inside Mar Elias Church in the Dweila neighborhood of Damascus that was damaged following the suicide bombing on Sunday, in Damascus

Դամասկոսի եկեղեցիին մէջ մեզ ալ սպանեցին․ Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթի

Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչը Եկեղեցւոյ մօտիկութիւնը կ’արտայայտէ «Ս. Եղիա» եկեղեցիին վրայ տեղի ունեցած յարձակումէն տուժած Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն. «Ալ չի կայ զանազանուելու կարողութեան շքեղութիւնը: Մենք բոլորս ալ զոհեր ենք»:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Կիրակի՝ 22 Յունիսին, Դամասկոսի Տուեյլա թաղամասին մէջ գտնուող «Ս. Եղիա» Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցիին դէմ իրականացուած ահաբեկչական գործողութեան հետեւանքով զոհուեցան 25 անձեր եւ վիրաւորուեցան 63ը։

Յարձակում քրիստոնեաներու ներկայութեան դէմ

«Տեղի ունեցածը սարսափ կը յարուցանէ», յայտարարեց Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթին ողբերգութենէ անմիջապէս ետքը Վատիկանի լրատուամիջոցներու հետ հարցազրոյցի ընթացքին, որ միւս կողմէ, սակայն, հռետորական հարցում կ’ուղղէ թէ, «ինչպէ՞ս կարող ենք զարմանալ ներկայ միջազգային համատեքստին մէջ, այս տեսակ ողբերգութիւններէ» եւ որ աւելի վատ է «պատկերացում չունինք, թէ ինչ կարող է պատահել յաջորդ օրը»։ Ըստ Կարդինալ Կուճերոթթիին, «ցաւօք, քրիստոնեաներու այսպիսի կոտորածը կը նշանակէ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներէն քրիստոնեաներու արտագաղթի տասնապատիկ աճ»։

Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցիին հարուածելու ընտրութիւնը պայմանաւորուած է Սուրիոյ եւ անոր մայրաքաղաքի մէջ անոնց կարեւոր ներկայութեան հետ, ուստի եւ «յարուածի ենթարկուած են Սուրիոյ եւ նոյնիսկ Մերձաւոր Արեւելքի բոլոր քրիստոնեաները», հերոսներ` որոնք յամառօրէն կը մնան իրենց Երկիրներուն մէջ, ընդգծեց Ծիրանաւորը՝ նկատել տալով, որ «անոնք այդ մէկը կընեն, քանի որ տակաւին յոյս ունին, որ համաձայնութիւն կարող է ըլլալ, որ «լիբանանեան ձեւաչափը» տակաւին կարող է արտահանուիլ»։

Զգուշացում արեւմտեան առաջնորդներուն

«Արեւմտեան առաջնորդները պէտք է սկսին հասկնալ, որ խնդիրը քրիստոնէական հաւատքը չէ որպէս դաւանանք, այլ այն ամէնը, որ կը պատկանի Արեւմտեան աշխարհին»՝ «գլխաւորապէս քրիստոնէական աւանդոյթին։ Հետեւաբար, ցանկութիւն կայ համաշխարհային մակարդակով սանձազերծել այն, ինչ որ տեղի կ’ունենայ սահմանափակ տարածքէն ներս», ինչը «կարծես կրօնական պատերազմի բաղադրիչներով համաշխարհային պատերազմի ընդհանուր փորձ մըն է», շեշտեց Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչը:

Եկեղեցւոյ մօտիկութիւնը

«Մեզի համար ընտանեկան սուգ է» եւ «մօտիկութիւն արտայայտելը չափազանց քիչ է։ Այսօր մենք կ’ըսենք. ձեր հետն ենք, ձեզմով կը նոյնանանք։ Դամասկոսի այդ եկեղեցիին մէջ մեզ ալ սպանեցին։ Ալ չկայ զանազանուելու կարողութեան շքեղութիւնը: Մենք բոլորս ալ զոհեր ենք», շեշտեց Ծիրանաւորը եւ եզրափակեց ըսելով, որ «Աստուած չի լքեր իր ժողովուրդին, ինչպէս երբեք չէ ըրած պատերազմի մէջ, ինչպէս երբեք չէ ըրած պատմութեան մէջ, բայց յարութիւն միշտ եղած է, եւ այս անգամ ալ, առանց իմանալու թէ ինչ գնով, յարութիւն պիտի ըլլայ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/06/2025, 09:30