Եկեղեցին պիտի ունենայ 175 նոր Երանելիներ
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
«Կաթողիկէ տիեզերական Եկեղեցին պիտի ունենայ 175 նոր Երանելիներ։ Այսօր Սուրբերու Դատի Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոյին շնորհած ունկնդրութեան ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը վաւերացուց անոնց սրբադասման դատի որոշումները ու արտօնութիւն շնորհեց զանոնք հրատարակելու։
Նոր Երանելիներէն մինչ` Սալվատոր Վալերա Փարրան Երանելի պիտի հռչակուի գործած մէկ հրաշքի մը համար։ Ան Սպանիայի Հուերքալ Օվերայի Ժողովրդապետութեան աւագերէցը եղած է, ծնած 27 Փետրուար 1816 ու մահացած 15 Մարտ 1889-ին։
Իսկ միւս 174 Երանելիները Խորաններու Պատւոյն պիտի արժանանան իրենց նահատակութեան համար` անոնցմէ 124-ն նահատակուած են Սպանիայի Քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ` 1936 - 1938 թուականներուն իսկ միւս 50-ը Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ 1944-1945 թուականներուն` իրենց արիւնը դափելով իրենց հաւատքին համար։
Նորին Սրբութիւնը վաւերացուցած հուսկ չորս երանաշնորհներու հերոսական առաքինութիւննլրու հայող հրամանագիրերը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ