2024.11.19 Casina Pio IV,  Pontificia Accademia delle Scienze e della Pontificia Accademia delle Scienze Sociali, Vaticano

Անձը դարձնել ամէն բանի առանցք․ ասիկա է նորարարութեան եւ արհեստական բանականութեան մարտահրաւէրը

12 Յունիսին, Ընկերային Գիտութիւններու Քահանայապետական Կաճառի նստավայր հանդիսացող Վատիկանի «Casina Pio IV» պալատէն ներս, տեղի ունեցաւ «Գործարարական բարոյագիտութեան երրորդ գագաթնաժողովը»՝ «Խաղալ կրակի հետ. շահագործել նորարարութիւնը՝ առանց ապագան այրելու» խորագիրով: Գործարար աշխարհի շուրջ 50 ներկայացուցիչներ քննարկեցին բարոյագիտութեան եւ տնտեսական զարգացման հայող հարցեր։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ինչպէ՞ս կարող ենք ներդրումներ կատարել ամենէ առաջադէմ արհեստագիտութիւններու ծիրէն ներս եւ զարգացնել արհեստական ​​բանականութեան (ԱԲ) համակարգերը բարոյագիտօրէն՝ յարգելով մարդուն եւ անոր արժանապատուութիւնը: Այս հարցին ջանացին պատասխանել իտալական եւ միջազգային գործարարական, ակադեմիական եւ արուեստագիտական աշխարհի շուրջ 50 ներկայացուցիչները՝ «Գործարարական բարոյագիտութեան երրորդ գագաթնաժողովի» (Business Ethics Summit) ժամանակ, որ կազմակերպած էր Ընկերային Գիտութիւններու Քահանայապետական​​ Կաճառը, հինգշաբթի, 12 Յունիսին:

Արդարութիւն, պատասխանատուութիւն եւ կայունութիւն

Գագաթնաժողովի ընթացքին կարեւորուեցան «արդարութեան, պատասխանատուութեան եւ կայունութեան սկզբունքները, առանց որոնց դժուար է հաւասարակշռել աճի հնարաւորութիւններն ու նորարարութեան հետեւանքով առաջացող վտանգները, քանզի ճիշտ է նորարարութիւնը կը բարելաւէ կեանքի որակը, սակայն կարող է հանգեցնել նաեւ անհաւասարութիւններու աւելացման եւ վնաս հասցնել շրջակայ միջավայրին։

Բարոյագիտութեան եւ համընդհանուր սկզբունքներու համակարգի անհրաժեշտութիւնը

Բանախօսներու կողմէ էական նկատուեցաւ նաեւ բարոյագիտութեան դերը այսօրեայ «ոյժի եւ առաջընթացի դարաշրջանի մէջ։ Կարեւոր է ստեղծել համընդհանուր կանոններու եւ սկզբունքներու համակարգ՝ որոշակի իրաւիճակներէն ներս կիրառու նպատակով, որ կը նշանակէ արժանապատուութիւն, աշխատանքի նկատմամբ յարգանք, արդիւնաւէտութիւն, ինչը մարդկանց կ’առաջնորդէ ստեղծելու արհեստագիտական գործիքներ՝ չազդելով մարդկային բարգաւաճման եւ արժանապատուութեան վրայ։

Գիտելիքի արժէքը

Ձեռնարկութիւնները ներկայացնող տարբեր մասնակիցներու կողմէ ընդգծուեցաւ բազմակողմանի երկխօսութիւնը խթանելու անհրաժեշտութիւնը՝ խուսափելու համար ԱԲի գործընթացը մասնատուած կերպով կառավարումէն։

Ներկայիս արդիւնաբերական յեղափոխութիւնը, ի տարբերութիւն անցեալի, ֆիզիկական ցանցերուն հետ միասին, կը միաւորէ նաեւ թուային եւ կենսաբանական ցանցերը՝ ստեղծելով եւ համախմբելով տուեալները եւ գիտելիքները: Հետեւաբար, վերապատրաստումը ապագայ սերունդներուն նախապատրաստելու միակ միջոցն է ամբողջական կառավարման հասնելու համար։

Արհեստական բանականութիւնը ի սպաս համայնքներուն

Ընդգծուեցան ի վերջոյ վստահութեան ու թափանցիկութեան սկզբունքները, որոնք մշտապէս անհրաժեշտ են արհեստագիտական յեղափոխութեան ընթացքին՝ արհեստական բանականութիւնը ի սպաս դնելով համայնքներուն եւ ոչ թէ՝ քիչ անձեր հարստացնելու համար, քանի որ միայն այդպէս հնարաւոր պիտի ըլլայ վերականգնել աւելի լաւ աշխատանք կամ աջակցիլ ընկերային հաւասարութեան։

Լեւոն ԺԴ․ Պապը եւ Ֆրանչիսկոս Պապը արհեստական ​​բանականութեան մասին

Լեւոն ԺԴ․ Պապը՝ իր ընտրութենէն երկու օր ետք, 10 մայիսին հանդիպելով, Կարդինալական Դասի անդամներուն հետ Սինոդի նոր Դահլիճէն ներս, եւ բացայայտելով, որ քահանայապետական անունը ընտրեց ներշնչուելով Լեւոն ԺԳ․ Պապի «Rerum novarum» Կոնդակէն, ուր վերջինս կը դիմագրաւէր «ընկերային հարցը առաջին մեծ ճարտարարուեստական յեղափոխութեան շրջանակէն ներս», նշած էր, որ «այսօր Եկեղեցին բոլորին կը շնորհէ Անոր ընկերային վարդապետութեան ժառանգութիւնը՝ արձագանգելու համար այլ մէկ ճարտարարուեստական յեղափոխութեան եւ արհեստական բանականութեան զարգացումներուն, որոնք նոր մարտահրաւէրներ են մարդկային արժանապատուութեան, արդարութեան եւ աշխատանքի պաշտպանութեան համար»։

Ֆրանչիսկոս Պապը նոյնպէս, 22 Յունիս 2024ին «Centesimus Annus Pro Pontifice» հիմնարկի տարեկան միջազգային համաժողովի մասնակիցներուն ուղղած իր պատգամին մէջ՝ կրկնելով նոյն ամսոյն 14ին իտալական Փուլիա նահանգին մէջ կայացած Մեծ Եօթնեակի գագաթնաժողովին արտասանած իր խօսքերը, ընդգծած էր «ալկորիթմներու բարոյագիտական զարգացման անհրաժեշտութիւնը, որտեղ արժէքները առաջնորդեն նոր արհեստագիտութիւններու ճանապարհները»: «Արհեստական ​​բանականութիւնը, կրկնած էր Ան, գործիք է եւ այդպիսին ալ պէտք է մնայ մարդու ձեռքերուն մէջ»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/06/2025, 08:00