Կարդինալ Փարոլին Խաղաղութեան ճակատէն յառաջընթաց չկայ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
«Ոչ մէկ նորութիւնը կայ, ցաւօք սիրտով, ոչ մէկ նորութիւն կայ։ Այս խօսքերով մեկնաբանեց, Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ, Փիեթրօ Փարոլին, Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ ծագած հակամարտութեան հետեւանքով լարուած իրավիճակը, յունիս 21ին, հռոմի մէջ «բնապհապանական պարտք»խորագիրով կայացած հանդիպումի ընթացքին ։ «Ինծի կը թուի, չկայ խրախուսական զարգացումներ» ըսաւ Ծիրանաւորը։
Պարտքի չեղարկումի աշխատանքները
Պարտքի խնդիրը, ըներային տեսանկիւնէն եղած է «2000 թուականի յոբելինական տարուան հիմնարար թեմաներէն մէկը», ըսաւ կարդինալ Փարոլինը յիշելով «ընկերային արդարութեան համար Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի կողմէ նաեւ խթանուած արշաւը։ Արշաւ մը, որ ստեղծեց յանձնաժողով մը, որուն աշխատանքները վերսկսան 2025 Յոբելինական տարուան մէջ, որ այժմ կը փորձէ իրականացնել որոշ միջոցառումներ, որոնք արդիւնաւէտօրէն կարող են ազդել պարտքի խնիդրին վրայ»։
Աջակցիլ աղքատ երկիրներուն։
«Մենք պէտք ենք հետեւիլ այդ հարցերուն, ոչ միայն անոնց վրայ կեդրոնանալով որոշակի պահերուն, ինչպէս Յոբելենական Սուրբ Տարին, ըսաւ Կարդինալ Փարոլին քաջալերելով հետեւելու այդ հացերուն, «հետեւողականութեան միջոցաւ» որ կը դրսեւորուի «թող պարտքի հարցը լուծուի աղքատներուն օգուտին» կոչին մէջ։ Կարդինալ Փարոլին յոյս յայտնեց նաեւ, որ համաշխարհային գետնի վրայ ստեղծուի «նոր Ֆինանսականն ճարտարապետութեան» միջոցառում, որ թոյլ կու տայ կիրառել իրական «ընկերային արդարութիւն»։
Լեւոն ԺԴ-ի եւ Մելոնիի միջեւ հանդիպումը
Կառավարիչիններուն յոբելեանին շրջագիծէն ներս, Վատիկանի Պետական քարտուղարը հաստատեց Լեւոն ԺԴ.-ի եւ Իտալիոյ վարչապետ, Ճորճա Մելոնիի միջեւ կայնալիք յառաջիկայ հանդիպումը, Քահանայապետը Քասթել Կոնտոլֆօ մեկնելէ առաջ։
«նոր հայեացք դէպի նոր աշխարհը
Հանդիպումի ընթացքին կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին վերահաստատեց խաղաղութեան համար աշխատելու հրատապութիւնը՝ ընդգծելով «դէպի նոր աշխարհ, նոր հայեացքի կարեւորութիւնը, որ կարող է ուշադրութեամբ կարդալ մարտահրաւէրներն ու մեր ժամանակներուն այն նշանները, որոնք կարող են խթանել խաղաղութեան՝ զարգացնելով ընկերային երկխօսութիւն ու անոնց մէջ վերագտնելով այն յոյսը, որուն մասին յորդորուած է «Spes non confundit-ը» 2025 թուականի յոբելենական Սուրբ Տարուան կոնդակին մէջ։
Վերակազմաւորել ֆինանսական համակարգը
«Միջազգային ֆինանսական ճարտարապետութեան» վերաբերեալ Կարդինալ Փարոլնին նշեց, թէ անիկա ինչպէս կարելի է իրականացնել, «ոչ միայն պարտքերուն մէջ կլիմայի փոփոխութիւնը հաշուի առնող կէտեր ներառնելով, այլ զգայի օրէն «Ֆինասական համակարգը« վերակազմակերպելով։
Հինգ գործողութիւններ պարտքի խնդիրը լուծելու համար
Կարդինալ Փարոլին առաջարկեց հինգ շօշափելի գործողութիւնները՝ բնապահպանական պարտքը լուծելու համար. «Նուազեցնել սպառումը, աշխարհային հիւսիսին մէջ», «աջակցիլ խոցելի երկիրներուն կլիմայական պատշաճեցումին», ֆինանսական եւ արհեստագիտութեան օգնութեան միջոցաւ, «ներել տնտեսական պարտքը», որ սահմանուած է որպէս «Յոյսը վերականգնող ողորմածութեան արարք», «խթանել համաշխարհային համերաշխութիւն« եւ վերջապէս «կրթել բնապահպանական դարձի գալու համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ