Կարդինալ Փարոլին. Պաղեստինը որպէս պետութիւն ճանչնալը լուծում մըն է
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Լրագրողներու հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին, Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին վերլուծեց մի քանի աժմէկան հարցեր՝ առաջարկելով հաւասարակշռուած տեսակէտ, միջազգային եւ կրօնական զարգացումներուն վերաբերեալ։ Քննարկուած խնդիրներուն շարքին եղան Սուրբ Ընտանիքի եկեղեցւոյ դէմ յարձակումին կապակցութեամբ Իսրայէլի կողմէ հետաքննութիւնը, Պաղեստինի պետութեան ճանաչումը, Վատիկանի Եւ Մոսկուայի Ուղղափառ եկեղեցւոյ միջեւ յարաբերութիւնները եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաղաղութեան մարտահրաւէրները։
Սխալներ եւ պատասխանատուութիւն Սուրբ Ընտանիքի եկեղեցւոյ վրայ յարձակումին մէջ։
Կարդինալ Փարոլին մեկնաբանեց Սուրբ Ընտանիքի եկեղեցւոյ վրայ յարձակումին վերաբերեալ Իսրայէլեան հետաքննութեան այն արդիւնքը, որ եղածը սխալ յարձակում է ։ Այս կապակցութեամբ Ծիրանաւորը ընդգծեց, որ չ՝ունի անկախ ապացոյցնեը՝ վերջնական գնահատական տալու համար, հիմնուելով Իսրայէլեան զինուորականներուն եւ կառավարական պաշտօնական եզրակցութիւններուն վրայ։ Յորդորեց զգուշութիւն ցուցաբերել, որովհետեւ այդպիսի սխալները կարող են որ կրկնուին եւ մեծ ուշադրութիւն ցուցաբերել պաշտամունքի վայրերը եւ մարդասիրական հաստատութիւնները բռնութիւններէն պաշտպանելու։
Պաղեստինի պետութեան ճանաչումը
Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին վերահաստատեց, որ Պաղեստինի Պետութեան ճանաչումը արդեն որոշ ժամանակ առաջ տեղի ունեցած է նշելով, որ «Մենք արդեն ճանչցած ենք ու ժամանած անցած է եւ լուծումը կը կայանայ երկու պետութիւններուն համատեղ աշխատանքին մէջ, որ կրնան ինքնավարութեան եւ անվտանգութեան մէջ ապրիլ։ Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի առաջարկին վերաբերեալ , Կարդինալ Փարոլին ընդգծեց կողմերու միջեւ ուղիղ երկխօսութեան համաձայնուած միջազգային ջանքերուն անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս հաշուի առնելով Արեւմտեան Ափին վրայ Իսրայէլի կողմէ ստեղծուած դժուարութիւնները։
Հեռանկարներ Մոսկուայի Ուղղափառ եկեղեցւոյ հետ։
Լեւոն ԺԴ. Պապին եւ Մեթրոպոլիթ Անթոնիժի միջեւ հանդիպումի վերաբերեալ, Կարդինալ Փարոլին նշեց, թէ տեղեակ չէ շօշափելի մանրամասնութիւններէն, սակայն ողջունեց այդ ժեսթը՝ որպէս երկխօսութեան եւ եկեղեցիներուն միջեւ կապը պահպանելու կամքի նշան։ Մաղթեց որ այդ հանդիպումները նպաստեն Մոսկուայի Պատրիարքութեան հետ համագործակցութեան աւելի ջերմ եւ կառուցողական մթնոլորտին։
Վատիկանի դերը եւ չէզոքութիւնը
Անդրադառնալով Ռուսիոյ կողմէ կատարուած այն քննադատութեան, որ Վատիկանը չէզոքութեան պակասը ունի Ծիրանաւորը ընդգծեց, որ Քահանայապետն ու Սուրբ Աթոռը միշտ ձգտած են պահպանել միջնորդի եւ օգնութեան դերը՝ հակամարտութիւններուն խաղաղ լուծումները գտնելու գործին մէջ ։ Ընդգծեց որ Վատիկանը կը գործէ անաչառ, փորձելով կամուրջ ըլլալ ներգրաւուած կողմերու միջեւ։
Քրիստոնեաներուն սպառնալիքը Մերձաւոր Արեւելքի եւ Ափրիկէի մէջ
հարցազրոյցի նիւթ եղաւ Ափրիկէի մէջ աճած ծանր եւ վտանագւոր իրավիճակը, մասնաւորապէս Քոնոկոյի հանրապետութեան մէջ ուր Իսլամական Ժիհատէն ոգեշնչուած ADF-ի նման ուժեր բռնութիւն եւ անկայունութիւն կը բենրեն։ Կարդինալ այս սպառնալիքները անուանենց «վտանգուած ազդանշաններ» աւելցնեով արդեն իսկ երկրին մէջ կան ցեղային, բնական, ընկերային քաղաքական բնոյթ ունեցող հակամարտութիւններ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ