Բարեգործական Ծառայութեան վերատեսչութիւնը
Վատիկան Նիւզ - Հայկական Բաժանմունք
Բարեգործական ծառայութեան վերատեսչութիւնը, անուանուած նաեւ Առաքելական ողորմնաբաշխութիւն աղքատներուն, խոցելիներուն, բացառուածներուն, մօտիկ կանգնելու եւ օգնելու վերատեսչութիւն մըն է ու կը գործէ ողջ աշխարհի մէջ Քահանայապետին անունով օգնութիւն ցուցաբերելով
Յատուկ կարիքի անհրաժեշտութեան դէպքերուն Քահանայապետը անձամբ օգնութիւն կը տրամադրէ կարիքաւորներուն ու Անոր ողորմնաբաշխը՝ այս ոլորտէն ներս իրաւասու այլ վերատեսութիւններուն հետ ու համագործակցութեամբ կը մարմնաւորէ Պապին հոգատարութիւնն ու մօտիկութիւնը՝ որպէս Տիեզերական եկեղեցւոյ հովիւ, ոչ միայն աղքատութեան, կամ ալ կարիքի մէջ գտնուող անձերուն, այլեւ ծանր աղէտներէն տուժածներուն։
Վերատեսչութեան Վերատեսուչն է Կարդինալ Քորնատ Քրայեւսքի
Պատմական նշումներ.
Աղքատներուն նկատմամբ բարեգործութիւն ցուցաբերելը եկեղեցւոյ հոգատարութիւնն է, որ սկիզբ առած է վաղ դարերէն ի վեր։ Դա ծառայութիւն է, որ անմիջականօրէն Սարկաւագներուն իրաւասութեան մաս կը կազմէր։ Իննոչէնցօ Գ
(1198-1216) Քահանայապետը կոնդակի մը մէջ ողորմնաբաշխութիւն մատուցողին մասին յիշատակած է, որէպէս արդեն գոյութիւն ունեցող պաշտօն։
Առաքելական բարեգործութիւններուն պաշտօնը
Երանելի Գրիգոր Ժ (1271-1276) եղաւ առաջինը որ սահմանեց առաքելական ողորմնաբաշխի պարտականութիւնները։ Ալէսսանտրօր Ե պապը նոյնպէս 1409 թուականին կարգաւորեց ողորմնաբաշխի պաշտօնի կանոնները, որ իր գործունէութիւնը միշտ իրականացուցած է Քահանայապետին մշտական հոգատարութեան շնորհիւ։
Նորին Սրբութեան ողորմնաբաշխը միշտ կրած է արքեպիսկոպոսի պատիւը ու կը մասնակցի Քահանայապետական պաշտօնական ունկնդրութիւններուն եւ ծիսական արարողութիւններուն։
Լեւոն ԺԳ Քահանայապետը բարեգործական աշխատանքներուն ի նպաստ դրամահաւաք խթանելու համար ողորմնաբաշխին լիազօրեց մագաղաթեայ օրհնագիրերուն միջոցաւ առաքելական օրհնութիւն շնորհել։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ