CUBA-VATICAN-DIPLOMACY-RELIGION

24էն 29 Յուլիսին Գերապ. Կալլակէրը կը մեկնի Մեքսիքօ

Ան պիտի մասնակցի Կաթողիկէ համալսարաններու միջազգային դաշնութեան լիագումար նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ Կուատալայարայի մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղարութեան ԻՔՍ ցանցին վրայ հրապարակած գրութեամբ կը տեղեկացուի` որ Պետութիւններու ու Միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու Քարտուղար Գերապ. Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէր 24-էն 29 Յուլիս 2025-ին կը մեկնի Մեքսիքօ, Կաթողիկէ համալսարաններու միջազգային դաշնութեան լիագումար նիստին առիթով, որ տեղի պիտի ունենայ Կուատալայարայի մէջ։

Կեցութեան ընթացքին նախատեսուած են անոր բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու հետ հանդիպումները, որոնց շարքին Մեքսիքոյի արտաքին ու ներքին Նախարարներու հետ ու կղերական դասի պատասխանատուներուն հետ։

Ուրբաթ` 25 Յուլիսին Վատիկանի ներկայացուցիչը պիտի մասնակցի Պապական Նուիրակութեան մէջ կազմակերպուած Քահանայապետին նուիրուած տօնախմբութեան որուն պիտի մասնակցին Դիւանագիտական մարմնի անդամներ ու կրօններու եւ աշխարհականներու ներկայացուցիչներ։

Կիրակի օր` 27 Յուլիսին Ան Կուատալուփի Տիրամօր Սրբավայրին մէջ պիտի մատուցէ պատարագը իսկ երկուշաբթի 28 Յուլիսին վերոնշեալ Կաթողիկէ համալսարաններու միջազգային դաշնութեան լիագումար նիստին առիթով ան պիտի ունենայ դիւանագիտութեան նուիրուած դասախօսութիւն մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/07/2025, 10:17