Արք Քաչիա. Վերանորոգել բազմակողմ համագործակցութիւնը՝ ընդհանուր բարիքի համար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
«Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, խաղաղութեան, անվտանգութեան, միջազգային համագործակցութեան, բոլոր ժողովուրդներուն համար ընկերային եւ տնտեսական առաջընթացը»։ Միացեալ Ազգերուն կազմակերպութիւնը հիմնադրուած է այս սկզբունքներուն վրայ, որոնք «այսօր նոյնքան կարեւոր կը մնան, որքան ութսուն տարի առաջ՝ առաջնորդելով մեր ջանքերը համաշխարհային մարտահրաւէրները դիմակայելու համար» ըսաւ ՄԱԿ-ի մօտ մշտական դիտորդ Արք Կապրիելէ Ճորտանօ Քաչիա ,22 յուլիսին, Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Տնտեսական եւ Ընկերային Խորհուրդի (ECOSOC) բարձր մակարդակի քաղաքական ֆորումի ընդհանուր ժողովին ընթացքին։ Սուրբ Աթոռը կը վերահաստատէ, որ «Զարգացումը պէտք է հիմնուած ըլլայ այս հիմնարար Իտէալներուն վրայ՝ ապահովուելով, որ իւրաքանչիւր գործողութիւն պաշտպանէ մարդկային անհատի՝ Աստուծոյ կողմէ տրուած արժանապատուութիւնը եւ խթանէ ազգերու միջեւ համերաշխութիւնը», ըսաւ Արք Քաչիա։ Ան ապա նկատել տուաւ, որ կայուն զարգացման նպատակներու, 2030 թուականի օրակարգը որդեգրուելէ տասը տարի վերջ, միլիոնաւոր մարդիկ թերեւս կ՝ապրին ծայրայեղ աղքատութեան մէջ, կը տառապին սովէն եւ քիչ հասանելիութիւն ունին կրթութեան ու առողջապահութեան, շեշտելով նաեւ, իւրաքանչիւր անհատի հոգեւոր, ընկերային եւ նիւթական բարեկեցութեան վրայ, մարդկային համապարփակ զարգացման կեդրոնը դնելու հրատապութիւնը։
Արքեպիսկոպոսը յիշեց Լեւոն ԺԴ. Պապին կոչը յաղթահարելու համաշխարհային անհաւասարութիւնները եւ հրաժարելու հակամարտութիւններէն ու բաժանումներէն՝ միասնաբար աշխատելով աւելի արդար եւ խաղաղ աշխարհ կառուցելու համար։ Սուրբ Աթոռը կ՝աջակցի բազմակողմանի համագործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութեան, որ հիմնուած է Միացեալ Ազգերուն կազմակերպութեան սկզբունքներուն վրայ, հիմնուած երկխօսութեան եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ։
ՄԱԿ-ի մօտ մշտական դիտորդ Արք Կապրիելէ Ճորտանօ Քաչիա ելոյթը աւարտեց ընդգծելով ընտանիքներուն մէջ կրթութեան եւ որակեալ առողջապահութեան մէջ ներումներ կատարելու կարեւորութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ