Կազա, պատերազմ Կազա, պատերազմ 

Կարդինալ Փարոլին. Կազայի մէջ իրավիճակը անկայուն է, մարդիկ կը ոչնչացուին ու սովամահ կ՝ըլլան

Յուլիս 18ին, ուրբաթ երեկոյեան, Tg2 Post-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին զրուցեց Լեւոն ԺԴ. Պապին եւ Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահուի միջեւ կատարուած հեռախօսազրոյցի մասին յորդորելով, որ պէտք է պարզաբանումներ տրուի Կազայի մէջ Սուրբ Ընտանիքի եկեղեցւոյ դէմ կատարուած յարձակումի վերաբերեալ։ Շարունակուող հակամարտութիւններուն մէջ Սուրբ Աթոռի միջնորդութեան վերաբերեալ Կարդինալ Փարոլին յիշեցուց որ «պատերազմը դադրեցնելու համար, անհրաժեշտ է քաղաքական կամք»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Յուլիս 18ին, ուրբաթ երեկոյեան, Tg2 Post-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին , Վատիկանի Պետական Քարտուղար, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Կազայի մէջ ստեղծուած վիճակը բնութագրեց որպէս «սահմաններէն զուրկ պատերազմ» ընդգծելով, թէ ինչպէս սահմանները հատուած են ու  իրավիճակը ողբերգական դարձած։ Ծիրանաւորը մտահոգութիւն յայտնեց Կազայի մէջ Սուրբ Ընտանիքի եկեղեցւոյ վրայ ռազմական յարձակումի գիծով, որուն հետեւանքով զոհուած են երեք հոգիներ ու վիրաւորուած տասը մարդ, որոնց շարքին եկեղեցւոյ ժողովրդապետը Հայր Գաբրիէլ Ռոմանելլին, խնդրելով որ բացատրութիւն եւ թափանցիկութիւն ապահովուի փաստերու վերաբերեալ, յատկապէս խոստացուած հետաքննութիւններու լոյսին ներքոյ։

Կարդինալ Փարոլին ընդգծեց, որ Սուրբ Աթոռը միշտ հասանելի է դիւանագիտական միջնորդութեան համար, դիտել տալով, որ անիկա կարելի է արդիւնաւէտ դառնայ՝ միայն երբ երկու կողմերը պատրաստ են ընդունելու այն մէկը։ ։

Լեւոն ԺԴ. Պապին եւ Իսրաէլի վարչապետ Նեթանիահուի միջեւ հեռախօսազրոյցի վերաբերեալ Կարդինալ Փարոլին նշեց թէ ինք դրական կը համարէ Իսրայէլի վարչապետի պատրաստակամութիւնը՝ ուղղակիօրէն խօսելու Լեւոն ԺԴ. Պապին հետ ու կը կարծէ, որ այս հեռախօսազրոյցէն յետոյ կարելի է որ Խոստացուած հետաքննութիւնները յայտնի կը դառնան ու յոյս ունի, որ կը ձեռնարկուին շօշափելի գործողութիւններ։

Հակամարտութեան վերաբերեալ Կարդինալ Փարոլին պատերազմը անուանեց «սահմաններէ զուրկ» քննադատելով, թէ ինչպէս կարելի է քանդել եւ անօթի ձգել ժողովուրդ մը՝ նման Կազայի բնակչութեան, շեշտելով որ արդեն շատ մը սահմաններ գերազանցուած են։

Կարդինալ Փարոլին յիշեցուց, որ Սուրբ Աթոռի դիւանագիտութիւնը միշտ շեշտը դրած է համաչափութեան վրայ ու պէտք է որ Եկեղեցւոյ դէմ ռազմական յարձակումի հետաքննութիւնները պարզաբանուին ու յայտնի դառնան եթէ այդ մէկը սխալ գործողութիւն էր կամ դիտաւորեալ մտադրութիւն՝ թիրախաւորելու համար Քրիստոնէական եկեղեցին։

Միջնորդութեան գծով, Կարդինալ Փարոլին յայտնեց, որ Սուրբ Աթոռը բաց կը մնայ եւ հասանելի է դիտել տալով, որ Սուրբ Աթոռը այդ կ՝իրականացնէ եթէ երկու կողմերը պատրաստ են ընդունելու այդ մէկը։

Իսկական դժուարութիւնը հակամարտող կողմերուն քաղաքական կամքի բացակայութեան մէջ է եւ արտաքին միջնորդութեան փորձերը մինչեւ այսօր ձախողած են, ըսաւ ծիրանաւորը ու զրոյցը եզրափակեց ընդգծելով պատերազմը դադրեցնելու վճռական եւ համատեղ յանձնառութեան կարեւորութիւնը գիտակցելով այս հակամարտութեան սարսափելի գինը՝ բոլոր առումներով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/07/2025, 12:09