Պաղեստին եւ Իսրայէլ Պաղեստին եւ Իսրայէլ  (AFP or licensors)

Սուրբ Աթոռ. Իսրայէլն ու Պաղեստինը. Երկու պետութիւններ՝ արդար եւ մշտական խաղաղութեան համար։

ՄԱԿ-ի մօտ Վատիկանի ներկայացուցիչ, արք Քաչիա Ֆրանսայի եւ Արաբական Սաուտիայ կողմէ հովանաւորուող ՄԱԿ-ի համաժողովին ժամանակ վերահաստատեց իր մտահոգութիւնը Կազայի մէջ տիրող մարդասիրական իրավիճակի վերաբերեալ՝ կոչ ընելով հրադադարի, Պաղեստինցի քաղաքացիական անձերու պաշտպանութեան եւ Իսրայէլի պատանդներուն ազատ արձակման։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռը, որ ներկայացուած է Արք Կապրիելէ Քաչիայի կողմէ, վերահաստատեց այն սկզբունքը որ ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը պէտք է յարգէ անհրաժեշտութեան եւ համաչափութեան սահմանները՝ դատապարտելով ահաբեկչութեան բոլոր ձեւերը։

ՄԱԿ-ի Պաղեստինի հարցի վերաբերեալ համաժողովի ժամանակ, որ ձեռնարկուած է Ֆրանսայի Եւ Արբական Սաուտիէյի, Արք Քաչիա ընդգծեց անյապաղ հրադադարի, պատանդներուն ազատ արձակման, մահացածներուն մարմինները վերադարձնելու, Պաղեստինզի քաղաքացիականներուն պաշտպանութեան եւ մարդասիրական օգնութեան անարգել հասանելիութեան հրատապութիւնը՝ դատապարտելով Համասի 2023ին, Հոկտեմբեր 7ին, յարձակումը։

Արք Քաչիա խոր մտահոգութիւն յայտնեց Կազայի մէջ վատթարացող մարդասիրական ճգնաժամի վերաբերեալ՝ կոչ ընելով համակարգուած միջազգային արձագանգին՝ զանգուածային տեղահանութիւններու կենսական ծառայութիւններուն փլուզման, սովի եւ զրկանքի հարցերը լուծելու համար։

Գերպ Քաչիա ընդգծեց քաղաքացիական անձերու, մասնաւորապէս երեխաներու, ծանր վիճակը, եւ բնակարաններուն, հիւանդանոցներուն եւ պաշտամունքի վայրերուն աւերածութիւնները՝ յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերելով Սուրբ Ընտանիքի եկեղեցւոյ վրայ յարձակումին

Վատիկանի Դիւանագէտը նշեց որ Սուրբ Աթոռը կը պնդէ, որ երկու պետութիւններու լուծումը, որ ճանչցուած եւ հիմնուած է անվտանգ սահմաններուն վրայ, արդար եւ երկարատեւ խաղաղութեան միակ կենսունակ ուղին է՝ յիշեցնելով 1993 եւ 2015 թուականներուն համաձայնագիրերը,որոնք ճանչցան են Իսրայէլն ու Պաղեստինը։ Այս կը վերահաստատէ պաղեստինեան ժողովուրդի ինքնորոշման անքակտելի իրաւունքը եւ ազատութեան, անվտանգութեան եւ արժանապատուութեան մէջ ապրելու ձգտումները։

Արք Քաչիա եզրափակեց իր խօսքը՝ ընդգծելով ներառական եւ համբերատար երկխօսութեան կարեւորութիւնը՝ մէջբերելով Լեւոն ԺԴ. Պապին՝պատերազմի բարբարոսութիւնը դադրեցնելու կոչը։ «Յոյս կայ որ Նիւ Եորքի մէջ կայացած հանդիպումը մեզի կը յիշեցնէ որ երկարատեւ խաղաղութիւնը ձեռք կը բերուի միայն երկխօսութեան, փոխադարձ հասկացողութեան եւ արդարութեան ու մարդկայնութեան սկզբունքներուն նկատմամբ յարգանքի միջոցաւ, ըսաւ Արք Քաչիա։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/07/2025, 14:39