Սինոդ. Հաստատուեցան իրականացումի փուլի ուղիները
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
7 յուլիսին պիտի հրապարակուի Փաստաթուղթ մը ուղեկցելու համար սինոդական գործընթացին վերջին փուլին, փասաթուղթ մը տեղական եկեղեցիներուն եւ Սինոդի ընդհանուր քարտուղարութեան միջեւ երկխօսութիւն խթանելու համար, ինչպէս նաեւ եկեղեցիներու միջեւ փորձարարութիւններուն փոխանակումը։ Սա Սինոդի իրականցման ուղիներն են հաստատուած միեւնոյն քարտուղարութեան կողմէ, սովորական 16-րդ խորդհուրդ ժողովին ընթացքին, զոր տեղի ունեցաւ անցեալ 26էն եւ 27 յունիսն։ Լուրը հաղորդեց Սինոդի Քարտուղարութիւնը յայտնելով որ փաստաթուղթը հասանելի պիտի դառնայ ընդհանուր Քարտուղարութեան կայքէջին վրայ, յառաջիկայ 7 յուլիսին։
Փաստաթուղթի չորս գլուխներ
Փաստաթուղթը բաժնուած է չորս գլուխներու, ուր ցոյց կը տրուի բանալի մը մեկնաբանելու համար սինոդական գործընթացի իրականացումը։ Փաստաթուղթի Երրորդ գլուխը կը ներկայացնէ որոշ չափանիշեր, որպէսզի իրականացման փուլը տեղական մակարդակի վրայ ներդաշնակ ըլլայ ողջ եկեղեցւոյ հետ։ Փաստաթուղթը կ՝աւարտի մեթոտի եւ միջոցներուն հարցի անդրադառնալով։
Խթանել փոխանակումը եկեղեցիներու միջեւ
Սինոդական գործընթացին իրականացման փուլը՝ յենակէտ ունենալով եպիսկոպոսներուն սովորական ընդհանուր սինոդի ԺԶ վերջնական փաստաթուղթը, կարելի է հետքեր գտնել շարք մը ցուցմունքներու, ի պատասխան սինոդի ընդհանուր քարտուղարութեան կողմէ անցեալ վերջին ամիսներուն ստացած հարցերուն, որ պարտականութիւն ունի ընկերանալու եւ աջակցելու այս ուղեւորութեան, ինչպէս նաեւ խթանելու տեղական եկեղեցիներուն պարգեւներու փոխանակումը, «շրջանակաձեւ երկխօսութեան սկզբունքին համաձայն»։
Սինոդականութեան դպրոցները
Տեղական եկեղեցիներուն կապակցութեամբ նկատուած է մեծ ուժականութիւն բազմաթիւ թեմերէն ներս՝ ողջ աշխարհի մէջ, որոնք արդեն մեծ խանդավառութեամբ եւ ստեղծագործութեամբ ընտրած են իրականացման փուլերը։ Յօդուածին մէջ նշուած է որ հաւատացեալներուն սինոդականութեան կազմաւորումը վերջին ամիսներուն ամենաշատ նշուած տարրերէն մին է։ Ի յայտ եկած են սինդոականութեան դպրոցներ, որոնց միջոցաւ տեղական եկեղեցիները կը կրթեն լսողութեան, համայնքային եւ եկեղեցական զատորոշումի։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ