Սինոդականութեան նուիրուած սինոդ Սինոդականութեան նուիրուած սինոդ  (ANSA)

Սինոդի գործադրման փուլի կէտերը սինոդական դարձի համար։

Հրապարակուեցաւ Սինոդի ընդհանուր քարտուղարութեան փաստաթուղթը՝ տեղական եկեղեցիներուն համար ակնարկ՝ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ սկսած եւ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին կողմէ հաստատուած ուղեգիծը շարունակելու համար։ Կը հաղորդուի, որ Լեւոն ԺԴ. Պապը աւեցուցած է արդեն հաստատուած ուսումնասիրութեան երկու խումբեր։ Կարդինալ Կրէք. Պատերազմի աշխարհին մէջ անհրաժեշտ է եկեղեցի մը, որպէս միութեան նշան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

7 յուլիսին, Սինոդի ընդհանուր քարտուղարութեան կողմէ հրապարակուած «սինոդի գործադրման փուլին կէտեր» վերնագիրով փաստաթուղթին մէջ ուրուագծուած են տեղական եկեղեցիներուն ուղեկցելու ուղեցոյցները սինոդական ուղեւորութեան մէջ, որուն նպատակն է խթանել միութիւնն ու երկխօսութիւնը ի տես 2028 թուականին հոկտեմբերին, Եկեղեցական համաժողովին։

Փաստաթուղթը նպատակ ունի առաջարկել ընդհանուր յղման կէտեր,ամրապնդել եկեղեցիներու միջեւ համագործակցութիւնը եւ խթանել մասնակցութեան եւ ունկնդրութեան աւելի ներառական գործընթացը։

Փաստաթուղթը որ հաստատուած է ԺԶ սովորական ժողովին կողմէ եւ ներկայացուած է կարդինալ Կրէքի կողմէ կ՝ընդգծէ սինոդական «ոճը» որպէս եկեղեցական վերաբերմունք պահպանելու կարեւորութիւնը, աշխարհի մէջ աճող բռնութեան եւ պառակտման միջավայրէն ներս։ Ստեղծուած են՝գոյութիւնը ունեցողներէ բացի երկու նոր ուսումնասիրութեան խումբեր, խորացնելու համար նիւթեր ինչպէս ծիսագիտութիւնը սինոդական տեսանկիւնէն եւ Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերու կանոնադրութիւնը։

Գործընթացի իրականացման փուլը, որ սկսած է 2021 թուականին, նպատակ ունի փորձարկել նոր գործելակերպեր եւ կառուցուածքներ՝ եկեղեցական կեանքը աւելի սինոդական դարձնելու համար, ներգրաւելով լայն շրջանակի ենթականեր, որոնց շարքին կանայք, մարդիկ, ընկերակցութիւններ, հասարակութիւններ, շարժումներ ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց որոնք լուսանցքի տակ կը գտնուին կամ ալ դիմադրութիւն կը ցուցաբերեն։ Թեմական եպիսկոպոսը կը մնայ հիմնական պատասխանատու անձ, որուն կ՝աջակցին սինոդական խումբեր, որոնք կազմուած են աշխարականներէ, կղերականներէ, տարբեր տարիքի եւ մշակոյթի նուիրուած անձեր։

Փաստաթուղթին մէջ վերահաստատուած է ընդհանուր քարտուղարութեան բաց եւ լսող դերը, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով 2024 թուականի վերջնական փաստաթուղթի ճանաչումի եւ տարածումի գործին, մաղթելով կազմաւորումի եւ ուղեկցութեան միջոցներուն պահեր։

Ի վերջոյ Փաստաթուղթին մէջ հրաւէր կ՝ուղղուի սինոդական մեթոտին,, որպէս հոգեւոր եւ եկեղեցական փորձառութիւն մը խթանելով զատորոշումի, կառավարման եւ ունկնդրութեան գործընթացները՝ սինոդական ոճով։ Հրաւէր կ՝ուղղուի եկեղեցւոյ վստահութեամբ նայելու ապագային, ամրապնդելով հաղորդութեան եւ յոյսի հոգին, նաեւ Յոբելինական տարուան 2025 թուականին սինոդական խումբերուն միջոցաւ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/07/2025, 09:46