Սինոդ. Քոյր Պէքար. Նոր փաստաթուղթը կը նպաստէ տեղական եկեղեցիներու միջեւ փոխանակումին։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
7 յուլիսին, Սինոդի ընդհանուր քարտուղարութեան հրապարակած «Սինոդի գործադրման փուլի կէտերը» վերնագիրով փաստաթուղթը, որպէս հիմնական նպատակ ունի Սինոդի շօշափելի իրականացումը տեղական մակարդակով՝ աշխարհի եկեղեցական համայնքներու միջեւ «նուէրներուն փոխանակումի» միջոցաւ։
Սինոդի փոխ քարտուղար քոյր Նաթալի Պէքարթ բացատրեց, որ այս փուլը, որ սկսած է 2024 թուականին հոկտեմբերին սինոդէն անմիջապէս ետք եւ կը տեւէ մօտ երեք տարի՝ նպատակ ունի գործնականին մէջ կիրառել վերջնական փաստաթուղթի պտուղները։
Սինոդականութիւնը սահմանուած է, որպէս եկեղեցի ըլլալու ձեւ մը, որ ոգեշնչուած է Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովէն եւ կ՝արտայայտուի հաղորդութեան, մասնակցութեան եւ առաքելութեան միջոցաւ։ Սինոդականութիւնը կը ներկայացնէ ըլլայ անձնական հոգեւոր վերաբերմունք, ըլլայ համայնքային աշխատանքի մեթոտ, ներգրաւելով բոլոր մկրտեալները, աշխատելով ուրիշ եկեղեցիներուն հետ համագործակցութեամբ համամիութենական իրականութիւններուն, միջ կրօնական եւ ընկերային իրականութիւններուն հետ, յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերելով աղքատներուն եւ գաղթականներուն։
Սինոդը իրականացնելու փաստաթուղթը նպատակ ունի աջակցիլ տեղական եկեղեցիներուն սինոդական արժէքները ստանալու գործընթացքին մէջ, խթանելով երկխօսութիւն, համագործակցութիւնը եւ փորձառութիւններուն փոխանակում թեմերուն, եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերու, մայրցամաքային եւ միջազգային իրականութիւններուն միջեւ։
Ընդգծուած է եպիսկոպոսի եւ եկեղեցական համայնքի կեդրոնական դերը, սինոդական նախաձեռնութիւնները, ինչպէս ժողովրդապետութիւններուն խորհուրդները, թեմական ժողովները, թեմական սինոդները, մշակութային գործընթացները, հոգեւոր գործունէութիւնները խթանելու եւ համակարգելու գործին մէջ ։
«Ընդունելութիւնը հիմնական բանալի է, կը նշանակէ ոչ միայն ժողովներու, սինոդներուն որոշումները պաշտօնապէս ընդունիլ այլ անոնց պտուղները ներքնապէս ապրիլ եւ գործադրել ժամանակի մէջ, նաեւ երկար եւ համբերատար գործընթացներու միջոցաւ։ Հետեւաբար սինոդականութիւնը դիտուած է որպէս աստուածային կոչ դէպի աւելի միսիոներական, ներառական եւ մասնակցող եկեղեցի, որ կը թարգմանուի շօշափելի գործողութիւններով, ըսաւ Քոյր Պէքար Վատիկանի լրատուամիջոցներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ