Աւետարանումի Վերատեսչութիւնը
Վատիկան Նիուզ - հայկական բաժանմունք
2022 թուականին, «Praedicate Evangelium» առաքելական սահմանադրութեամբ սահմանուած Աւետարանումի վերատեսչութիւնը նուիրուած է Աւետարանումի աշխատանքի ծառայութեան, որպէսզի Քրիստոսը՝ Ժողովուրդներուն լոյսը, ճանչցուի եւ վկայուի գործերու եւ խօսքերու միջոցաւ եւ որպէսզի կառուցուի եկեղեցին Իր խորհրդաւոր մարմնին մէջ։
Աւետարանումի վերատեսչութիւնը կազմուած է երկու բաժիններէ՝ մէկը աշխարհի մէջ աւետարանութեան հիմնարար հարցերը քննարկելու համար եւ միւսը՝ նուիրուած է առաջին աւետարանութեան եւ նոր եկեղեցիներու, որ կը զբաղի ժողովուրդներուն աւետարանացումով եւ աւետարանացուած ժողովուրդներու մէջ նոր եկեղեցիներուն ստեղծումով։ Վերատեսչութիւնը անմիջականօրէն նախագահուած է Քահանայապետին կողմէ երկու համա վերատեսուչներով։ Առաջինին համա վերատեսուչն է Արք. Ռինօ Ֆիզիքելլան, մինչ երկրորդին համա վերատեսուչը՝ առաջին Աւետարանցումի համար բաժանմունքի, կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէ։
Պատմական նշումներ
Աւետարանումի համար վերատեսչութեան առաջին բաժանմունքը ժառանգեց 21 սեպտեմբեր 2010ին, Պենետիկտոս ԺԶ Պապին կողմէ հիմնուած Նոր Աւետարանումի համար քահանայապետական խորհուրդի իրաւասութիւնները, ապա 2013 թուականին, յունուարին, Fides per Doctrinam ինքնագիր նամակով Պենետիկտոս ԺԶ Պապը Կղերի համար ժողովի կաթողիկէ վարդապետութեան իրաւասութիւնը փոխանցեց Նոր Աւետարանումի համար Քահանայապետական խորհուրդի ։
Աւետարանումի համար վերատեսչութեան երկրորդ բաժանմունքը ստանձնեց ժողովուրդներուն համար Աւետարանումի ժողովին իրաւասութիւնները, որ ծնած է 400 տարի առաջ, 6 յունուար 1622ին։ Գրիգոր ԺԵ քահանայապետի ստեղծեց Propaganda Fide ժողովը, կեդրոնական եւ գերագոյն մարմին հաւատքի տարածման համար։ 1967 թուականին, Պօղոս Զ Պապը «Regimini Ecclesiae universae», առաքելական նամակով «De Propaganda Fide” ժողովի անունը փոխեց Ժողովուրդներուն համար աւետարանումի ժողով անունով։ 2022 թուականին , Ֆրանչիսկոս Պապին «Praedicate Evangelium» առաքելական սահմանադրութեամբ Նոր Աեւտարանումի համար վերատեսչութիւնը ժառանգեց Աւետարանումի համար ժողովի եւ Նոր աւետարանումի խթանման համար քահանայապետական խորհուրդի իրաւասութիւնները։
«Praedicate Evangelium», առաքելական սահմանադրութեան համաձայն, Աւետարանումի համար վերատեսչութիւնը կը զբաղի եւ կը քննարկէ աշխարհի մէջ աւետարանումի վերաբերող հարցերը, ինչպէս նաեւ նոր տեղական եկեղեցիներուն զօրակցութեան, ընկերակցութեան, հիմնադրութեան հարցերը։
Աշխարհի մէջ աւետարանումի համար հիմնական հարցերը ուսումնասիրելէ անդին վերատեսչութիւնը կը զօրակցի տեղական եկեղեցիներու աւետարանումի առաքելութեան մէջ ինչպէս նաեւ ուշադրութիւն կը ցուցաբերէ ժողովրդական բարեպաշտութեան։
Վերատեսչութիւնը կը հսկէ կաթողիկէ վարդապետութեան ուսուցումի ճշգրտութիւնը ,կը զարգացնէ Ողորմութեան միսիոնարներուն հովուական ծառայութեան աշխատանքներն ու կազմաւորումը։ Աւետարանումի որպէս ուղի, Վերատեսչութիւնը կը քաջալերէ եւ կ՝աջակցի տարբեր կրօններուն անդամներուն հետ երկխօսութեան եւ հանդիպումի հնարաւորութիւններուն։
Աւետարանումի համար վերատեսչութիւնը կը համագործակցի եպիսկոպոսներուն, եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերու, կրօնական կեանքի հաստատութիւններուն եւ Առաքելական կեանքի ընկերակցութիւններուն հետ միսիոներական կոչումներ հրահրելու ինչպէս նաեւ կղերի եւ կրօնուսուցիչներուն կազմաւորման մէջ այն տարածքներու մէջ, որոնք ենթակայ են Վերատեսչութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ