Սպանացի երիտասարդներու հաւաքը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ Սպանացի երիտասարդներու հաւաքը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ  (@Vatican Media)

«Մենք կ՝ուզենք խաղաղութեան գործիքներ ըլլալ», Սպանացի երիտասարդները «Սուրբ Պետրոս» հրապարակէն

Ուրբաթ, 1 օգոստոսին, երեկոյեան, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ աւելի քան 25 հազար Սպանացի երիտասարդներուն հաւաքը, ու մատուեցաւ Սուրբ Պատարագ ձեռամբ Սպանիոյ եպիսկոպոսաց համաւաք դասին նախագահ արք Վալլատոլիտ Արկուելլօ։ « Եկեղեցին հաղորութեան եւ ընդունելութեան դպրոց է։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 1 օգոստոսին, «Սուրբ Պետրոս» հրապարակի վրայ հաւաքուեցան աւելի քան 25000 սպանացի երիտասարդներ՝ երիտասարդաց յոբելեանի շրջանակէն ներսկազմակերպուած յոբելինական հանդիպումի համար։ Միջոցառումը, որ բացուեցաւ վկայութիւններով եւ աղօթքներով աւարտեցաւ տօնակատարութեամբ, զոր նախագահեց Սպանիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին նախագահ, Արք Լուիս Խաւիէ Արկուէելլօ Կարսիան։

Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Արք Լուիս Խաւիէ ընդգծեց որ եկեղեցին հաղորդակցութեան եւ ընդունելութեան դպրոց է, որ կը հրաւիրէ երիտասարդները իրենց սիրտերը բանալու Աստուծոյ սիրոյ առջեւ ու ապրելու եղբայրութիւն մը որ կը գերազանցէ գաղափարախօսութիւնները։

Արքեպիսպոսը խրախուսեց երիտասարդները թարմացնելու իրենց միսիոներական կոչումը՝ աղաղակելով « Մենք խաղաղութիւն կ՝ուզենք աշխարհին մէջ։ Տէր մեզ դարձուր քու խաղաղութեան գործիքները»։ Հանդիպումին ընթացքին Սպանացի երիտասարդները վկայութիւններ փոխանակեցին կեանքի պարգեւին, ներումի, Քրիստոսի հետ հանդիպումի փորձի մասին՝ ընդգծելով թէ ինչպէս հաւատքը կարող է  կեանքերը փոխել։

Հանդիպումէն առաջ երիտասարդներէն մի քանիներ Վատիկանի Լրատուամիջոցներուն հետ կիսեցին իրենց յուզումներն ու զգացումները « Հոս գտնուիլս ինծի հասկցուց, որ եկեղեցին երիտասարդ, ուրախ եւ համընդհանուր է» ըսաւ երիտասարդուհի մը։

«Զիս շատ տպաւորեց այն իրողութիւնը, որ կան հազարաւոր երիտասարդներ որոնք չենք ամչնար ըսելու մենք կը հաւատանք», ըսաւ այլ երիտասարդ մը, ու անոր ընկերներէ մէկը եզրափակեց ըսելով. «Մենք կ՝ուզենք աղմուկ բարձրացնել, բայց շատ լաւ աղմուկ, ինչպէս կ՝ըսէր Ֆրանչիսկոս Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/08/2025, 11:59