Palestinians inspect the site of Israeli strikes on Nasser Hospital where Reuters contractor was killed, in Khan Younis

Փարոլին. Մենք ցնցուած ենք Կազայի մէջ տեղի ունեցածով

Նափոլիի Ազգային 75-րդ Ծիսական շաբաթուայ բացումը կատարելու առիթով, Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը, պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն Իսրայէլի կողմէ Կազայի ռմբակոծումին վերաբերեալ, նշել, որ անիկայ «անհեթեթութիւն» է՝ ի մտահոգութիւն արտայայտելով մարդասիրական իրավիճակի սրացումին վերաբերեալ: Իսկ անդրադառնալով Ուքրանիոյ կացութեան Ան նշեց որ անհրաժեշտ է «շարունակել աշխատանքը խաղաղութեան և հաշտեցման» ի սպաս որուն համար կարիքը կայ «քաղաքականութեան»:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Մենք կը շարունակենք հիասթափուած մնալ Կազայի մէջ տեղի ունեցածին ի տես» ուր «բոլորի կողմէ կայ միաձայն դատապարտում»։ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի խօսքերն են ասոնք ուղղուած լրագրողներուն, որոնք իրեն հարց տուին թէ ի՞նչ կը մատածէ երկուշաբթի օր պատահած Ղազայի Խան Եունիսի «Նասսըր» հիւանդանոցի դէմ Իսրայէլեան յարձակումի մասին, որուն հետեւանքով զոհուեցան քսան անձինք, որոնց շարքին նաեւ հինգ լրագրողներ։

Ծիրանաւորը կը գտնուէր Նափոլի` ուր բացումը կատարեց Ազգային 75-րդ Ծիսական շաբաթուան։

«Պատահածը անհեթեթ է» ըսաւ Փարոլինը աւելցնելով` որ «այնպէս կը թուայ, որ լուծման նշոյլներ չկան» ու թէ «իրավիճակը միշտ աւելիով բարդ կը դառնայ նաեւ մարդասիրական տեսանկիւնէն, որ միշտ աւելիով անկայուն է, բոլոր այն հետևանքներով, որոնց մենք անընդհատ ականատես ենք»։

Պատասխանելով ապա Ուքրանիոյ մասին հարցումի մը Ծիրանաւորը նշեց, որ «հարցը կարիքը ունի քաղաքականութեան» ու թէ «կան շատ մը ուղիներ որոնք կարող են հանգեցնել խաղաղութեան», սակայն «պէտք է` որ կամք դրսեւորուի զանոնք ի գործ դնելու» եւ «ակնյայտ է` որ այս բանը կատարելու համար անհրաժեշտ է հոգիի տրամադրութիւն»։

«Յոյսին կարիքը կայ համայն աշխարհին համար» հաստատեց հուսկ Կարդինալ Փարոլինը ընդգծելով, որ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ հռչակուած Յոբելեանը որ նուիրուած է ճիշտ յոյսին «կ՛ուզէ ըլլալ յոյսը վերագտնելու պահ մը»։

«Յոյս՝ բոլոր յոյսերի դէմ», - ընդգծեց Ան՝ այն փաստի պատճառով, որ «այսօր» չկան «շատ տարրեր, որոնք մեզի կ՛ օգնեն յոյս ունենալու, յատկապէս միջազգային մակարդակով», ինչպէս կարելի է տեսնել «նոյնիսկ այս օրերուն»՝ «հակամարտական​​ իրավիճակներուն մէջ խաղաղութեան գործընթացներ սկսելու դժուարութիւններուն ի տես», սակայն «կայ անհրաժեշտութիւն չյանձնուելու» և «շարունակելու աշխատանքը խաղաղութեան և հաշտեցման ի սպաս» ըսաւ ի միջի այլոց Կարդինալ Փարոլինը։

Ազգային 75-րդ Ծիսական Շաբաթ

Կարդինալ Փարոլինը ինչպէս նշեցինք Նափոլի քաղաքին մէջ բացումը կատարեց Ազգային 75-րդ Ծիսական Շաբթուան, որուն կեդրոնական նիւթն էր «Ծիսակատարութիւնը կը սնուցէ և կը կենդանացնէ յոյսը», եւ այս առիթով իր ունեցած ելոյթին մէջ ընդգծեց այն խոր կապը որ կայ ընդմէջ ծէսին, յոյսին ու սիրոյն, յատկապէս այս Յոբելենական տարուան ընթացքին։

Նշենք` որ վերոնշեալ Շաբթուան առիթով Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը եւս ուղղած էր պատգամ մը, որուն ընթերցումը կատարուեցաւ բացման արարողութեան ընթացքին եւ որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը յոյս յայտնած է, որ հաւատացեալները միշտ աւելի գործունեայ մասնակցութիւն ունենան և ծիսակատարութիւնը վերայայտնաբերուի՝ «որպէս աւետարանութեան և հաղորդութեան գործիք»։

Իր ելոյթին մէջ Կարդինալ Փարոլինը հաստատեց նաեւ թէ ծէսը սնունդ է հաւատքին, միայն եթէ ապրուի որպէս կենդանի Աստուծոյ փորձառութիւն։ Ան Զատկական խորհուրդի միասնական խորհրդածութեան միջոցաւ կ՛ ոգեշնչէ զարմանք, կը սնուցէ յոյսը և կը խրախուսէ գործելու։

Ծիսակատարութիւնը պէտք է ըլլայ ներառական, կարողանայ խօսիլ բոլոր տարիքային խումբերու և իրավիճակներու հետ՝ երեխաներէն մինչև գաղթականները, դառնալով յոյսի շօշափելի նշան Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, նշեց ի միջի այլոց Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը ապա հրաւիրեց միացնել ծէսը կեանքին, քրիստոնեաները դարձնելով «միութեան արհեստաւորներ» ու Աստուծոյ պարգեւին վկաները։

Այս առնչութեամբ ան յիշեց Կազայի Սուրբ Ընտանիք ժողովրդապետութիւնը, որ պատերազմի օրերուն դարձած է ապաստան եւ յոյսի խորհրդանիշ։ Ծիսակատարութիւնը, ըսաւ Ան, նաև հիւրընկալութեան, խաղաղութեան և եղբայրութեան տարածք է։

Տառապանքով և գաղթականութեամբ յատկանշուած աշխարհի մը մէջ, Փարոլինը ընդգծեց միջ մշակութային, սինոտալ ծիսակատարութեան հրատապ անհրաժեշտութիւնը, որ կարող է նաև արձագանքել նոր ժամանողներու` գաղթականներու հոգևոր ծարաւին:

Ծէսին էութիւնը «խաղաղութիւնն է», - ըսաւ ապա Ան, - «որպէս յարութիւն առածին պարգև. Անիկայ նշան չէ, այլ իսկական խաղաղութիւն, ճշմարիտ հաղորդութիւն»։

Իրականութեան մէջ, խաղաղութիւնը ծիսակատարութեան պտուղն է եւ կը տարածուի աշխարհի վրայ իսկական վկաներու միջոցաւ, ընդգծեց հուսկ Ծիրանաւորը եւ աւելցուց «եթէ ծէսը կը մատուցուի ներքին ճշմարտութեամբ, մենք կը դառնանք յոյսի և խաղաղութեան վկաներ»։

Գեղեցիկ պիտի ըլլար որ եկեղեցիներու մուտքին կարդացուէր հետեւեալ խօսքը. «Սնուեցէք յոյսով, բոլորդ, որ հոս կը մտնէք», քանի որ յոյսը Քրիստոսն է, որ կենդանի է և կը գործէ ծիսակատարութեան մէջ, եղաւ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ելոյթին եզրափակիչ գաղափարը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/08/2025, 08:09