Հայիթիի ժողովուրդը օգնելու համար անհրաժեշտ են անյապաղ ու առարկայական միջոցառումներ․ Սուրբ Աթոռ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Սուրբ Աթոռը կ’երաշխաւորէ իր պատրաստակամութիւնը՝ «շարունակելու իր ամբողջ հնարաւորութիւններով համագործակցիլ ի նպաստ Հայիթիի սիրելի ժողովուրդի» եւ «կը վերահաւաստիցանէ իր մօտիկութիւնը» եւ «իր մշտական աջակցութիւնը խաղաղութեան եւ կայունութեան խթանման ջանքերուն»։ Այս մասին Օգոստոս 20ին յայտարարեց Ամերիկեան Պետութիւններու Կազմակերպութեան մօտ` Սուրբ Աթոռի Մնայուն Դէտ` Գերապայծառ Խուան Անթոնիօ Քրուզ Սերրանոն՝ Ուաշինկթընի մէջ ՄշտականԽորհուրդի նիստին իր ելոյթի ատեն։ Նոյն հանդիպման ժամանակ Կազմակերպութեան Ընդհանուր Քարտուղար Ալպերթ Ռամտինը ներկայացուցած է «Հայիթիի գլխաւորութեամբ եւ տարածաշրջանային եւ միջազգային աջակցութեամբ՝ դէպի կայունութեան եւ խաղաղութեան ճանապարհային քարտէզ» փաստաթուղթը, որ շարք մը քայլերով կը ջանայ լուծել Քարիպեան աւազանի այս Երկիրի առջեւ ծառացած «բազմածաւալ ճգնաժամը»։
Սրբազան Պապի կոչը Հայիթիի համար
Վատիկանի ներկայացուցիչը Հայիթիի մէջ ստեղծուած իրավիճակը բնութագրեց «խոր եւ ողբերգական»՝ «ըլլայ սոցիալ քաղաքական, ըլլայ մարդասիրական ծաւալներով, որոնք կը բնութագրուին ի մասնաւորի մշտական անապահովութեամբ, տեւական աղքատութեամբ եւ զինուած խմբաւորումներու կողմէ բռնութեամբ»։ Ան յիշեցուց Սրբազան Քահանայապետի 10 Օգոստոսին Մարեմեան Աղօթքէն ետքը ընդգծած խօսքերը առ այն, որ Հայիթիի բնակչութիւնը «միշտ աւելիով յուսահատ է»։ Լեւոն ԺԴ․ կոչ ըրած էր «միջազգային հանրութեան առարկայական աջակցութիւն ցուցաբերել՝ ստեղծելու ընկերային եւ հանրային պայմաններ, որոնք թոյլ կու տան հայիթիցիներուն ապրիլ խաղաղութեան մէջ»։
Ներգրաւել բոլոր միջազգային շահագրգիռ կողմերը
Գերապայծառ Սերրանոն, այս շրջագիծէն ներս, վերահաւաստիացուց, որ «Սուրբ Աթոռը կ’ողջունէ Ամերիկեան Պետութիւններու Կազմակերպութեան Ընդհանուր Քարտուղարութեան կողմէ ձեռնարկուած ջանքերը՝ ուղղուած Հայիթիի մէջ «անյապաղ առարկայական լուծումներ որդեգրելուն»՝ ներգրաւելով նաեւ համապատասխան միջազգային շահագրգիռ կողմերը։ Մնայուն Դէտը աւելցուց նաեւ, որ Սուրբ Աթոռը «ուշադիր կերպով կը հետեւի այս փաստաթուղթի իրականացման» եւ կը վերահաստատէ իր պատրաստակամութիւնը օգնելու բնակչութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ