2024.11.19 Casina Pio IV,  Pontificia Accademia delle Scienze e della Pontificia Accademia delle Scienze Sociali, Vaticano

Վատիկանի մէջ միջազգային գիտաժողով` նուիրուած ստեղծագործութեան, բնութեան, շրջակայ միջավայրին եւ խաղաղութեան

Գիտաժողովին բացումը` 11 սեպտեմբերի յետմիջօրէին կատարեց Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ստեղծագործութիւն, բնութիւն, շրջակայ միջավայր՝ խաղաղութեան աշխարհի համար». Այս է միջազգային գիտաժողովի մը գլխաւոր նիւթը` որ կազմակերպուած է Վատիկանի «Casina Pio IV» կեդրոնին մէջ, 11 եւ 12 սեպտեմբերին, Աստուածաբանութեան Քահանայապետական ակադեմիայի յառաջադէմ ուսումնասիրութիւններու խորհուրդին կողմէ։

Գիտաժողովին բացումը` 11 սեպտեմբերի յետմիջօրէին կատարեց Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, հուսկ տեղի ունեցան երկու նիստեր.

Առաջինը` «Փրկիչ մարդկանց. Մարդու համար աշխարհ՝ նորարարութեան և արհեստագիտութեան միջև» նիւթի մասին, որուն ընթացքին զեկոյցներ ներկայացուեցան հետեւեալ նիւթերու շուրջ «Աշխատանքը՝ որպէս անհատի արժանապատուութեան և ինքնութեան անկիւնաքար», «Աշխարհ մը մարդոց համար. Հաւատքի, նորարարութեան և մարդկային արժանապատուութեան ընդելուզումը աշխատավայրին մէջ», եւ «Արհեստական​​բանականութիւնը` որպէս հասարակութեան ներդաշնակ զարգացման գործիք»։

Երկրորդ նիւթն էր «Laudato si’, Laudate Deum, այսինքն գովեալ ըլլաս, փառաբանենք Աստուած ` Մարդը շրջակայ միջավայրի մաս կը կազմէ» նիւթը` որուն ընթացքին ներկայացուեցան հետեւեալ զեկոյցները. «Շրջակայ միջավայրի համար նոր աստուածաբանական, փիլիսոփայական և բարոյական հիմք», «Բնապահպանական անցումը դէպի արդար և կայուն ապագայ», եւ «Բնութեան հետ ներդաշնակ կայուն զարգացման ապահովում»։

Ուրբաթ 12 սեպտեմբերի նիստերուն բացումը կատարուեցաւ Կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէի պատգամով մը, որմէ ետքը դարձեալ տեղի ունեցան երկու նիստեր.

Առաջինը նուիրուած «Էակներու Երգը. Պաշտպանել Անպաշտպանները (Դեռահասներու արտակարգ իրավիճակը)» հուսկ «Մարդկային բնապահպանութիւնը` խաղաղութեան աշխարհի մը համար երկխօսութիւն»։

Այս նիստերու ընթացքին շօշափուած նիւթերը եղան. «Պաշտպանել դեռահասներու իրաւունքներն ու երազանքները», «Մարդկային արժանապատուութիւն և բռնութեան դէմ պայքարի որոնումը թուային աշխարհին մէջ. Երեսուն տարուայ դասեր «Կապոյտ ծառ» հիմնադրամէն», «Համատեղ մտորումներ «Մէկ առողջութիւն» և «Արարածներու երգը» թեմաներով», «Հաղորդել՝ բարեկեցութեան և խաղաղութեան գործընթացներ ստեղծելու համար», հուսկ «Բնիկ ժողովուրդներ, երկրի իսկական պահապաններ»։

Գիտաժողովը կ՛աւարտի Ուրբաթ` 12 սեպտեմբերի երեկոյեան Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի մէջ նախատեսուած պատարագով իսկ երկրորդ օրը` շաբաթ 13 սեպտեմբերին բոլոր ժողովականները առիթը պիտի ունենան հանդիպելու Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին հետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/09/2025, 09:35